Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի համաշխարհային պատանեկան ողիմպիականի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Հնդկաստանի դէմ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 2,5-1,5 արդիւնքով:
Արմէն Բարսեղեան արձանագրեց յաղթանակ մը, Շանթ Սարգսեան` հաւասարութիւն, մինչ Արթուր Դաւթեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան պարտութիւններ կրեցին:
Հայրենի կազմը առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց Զուիցերիայէն (2,5-1,5), սակայն յետոյ արձանագրեց երեք յաղթանակ, յաջորդաբար Խըրխըզիստանի (3,5-0,5), Դանիոյ (2,5-1,5) եւ Փորթուգալի (4-0) դէմ:
5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստան 6 կէտով կը բաժնէ 11-17-րդ դիրքերը:



