Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Թերզեան. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Պէյրութը Պատանդ Առնել»

November 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով արձանագրուած ողողումներուն, ինչպէս նաեւ Ռամլեթ Պայտայի կոյուղիի կեղտաջուրերուն յորդելուն` շեշտելով, որ այդ թղթածրարին անձամբ կը հետեւի արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:

Յ. Թերզեան խստիւ դատապարտեց հանրային կառոյցներուն վրայ արձանագրուած ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ անիկա Պէյրութի քաղաքապետարանին հակակշիռին տակ չէր գտնուէր` նկատի ունենալով, որ կոյուղիի փակ ըլլալու իրականութիւնը անակնկալ մըն էր:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք Պէյրութը պատանդ առնել, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնենք հանրային կառոյցներուն դէմ ոտնձգութիւններ գործել, որովհետեւ այդ կառոյցները կը պատկանին ժողովուրդին: Այդ կառոյցներուն մաս կը կազմէ նաեւ ենթակառոյցը, իսկ անցնող շաբաթներուն ընթացքին մայրաքաղաքին մէջ արձանագրուած ողողումներն ու կոյուղիի կեղտաջուրերուն յորդիլը խիստ մերժելի երեւոյթներ են», հաստատեց Թերզեան:

Յ. Թերզեան յայտնեց, որ բոլորին ծանօթ է, թէ Ռամլեթ Պայտայի մէջ «Իտըն պէյ»-ի կառուցումը բացթողումներով լեցուն եղած է` աւելցնելով, որ իրենք միշտ հսկած են սխալները սրբագրելու: «Ընդունելի չէ, որ հարցերը փակուին, որովհետեւ «Իտըն պէյ»-ը կառուցուեցաւ արտօնագիրով, ինչ որ ինքնին բացթողում կը նկատուի», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Թերզեան հաստատեց, որ Պէյրութի ողողումներու եւ Ռամլեթ Պայտայի կոյուղիի հարցին քննարկումը եւ հետապնդումը պիտի շարունակուի մինչեւ իր աւարտը: Ան նշեց, որ այդ աշխատանքներուն մէջ գործակցութիւն կայ իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմի միջեւ: «Մենք մեծ քանակով տեղեկութիւններ ունինք եւ կրնանք հաստատել, որ Ռամլեթ Պայտայի կոյուղին քարէ շինութեամբ փակելու քայլէն օգտուած են շատ շատեր, որոնց շարքին է «Իտըն պէյ»-ը», նշեց ան:

Յ. Թերզեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ ոչ ոք օրէնքէ վեր է, եւ լիբանանցիներուն առօրեային ոչ ոք կրնայ սպառնալ:

Պէյրութի Մէջ Նոր Տարուան Զարդարանքներու Հարց

Անդրադառնալով Պէյրութի մէջ Նոր տարուան առիթով զարդարանքներու թղթածրարին` Յ. Թերզեան հաստատեց, որ ինք համաձայն է մայրաքաղաքին բարեզարդումին, ինչպէս նաեւ տօնակատարութիւններու կազմակերպումին, հակառակ տիրող կացութեան` նկատի ունենալով անոր ազդեցութիւնը երկրին տնտեսութեան վրայ:

«Բայց եւ այնպէս, ինծի համար հարցականը կը մնայ այն իրականութիւնը, որ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան առիթով Կեդրոնական Պէյրութը զարդարելու համար ընկերութեան մը յատկացուած է մէկ միլիոն տոլար: Սոյն ընկերութեան այս գումարը տրամադրելը ինծի համար հարց է, եւ բացատրութիւն կը պահանջեմ` իմանալու համար, որ արդեօք այդ ընկերութիւնը Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին ակնկալութիւնները պիտի կարենա՞յ ամբողջացնել», հարց տուաւ երեսփոխան Թերզեան:

Յ. Թերզեան հաստատեց, որ ինք տուեալներ ունի, որ այդ ընկերութիւնը պիտի օգտագործէ անցեալ տարուան Կաղանդի ծառը, եւ ատով հանդերձ մէկ միլիոն տոլարի գումար մը պիտի ստանայ, «հետեւաբար այս իրականութիւնը մտահոգիչ կը գտնեմ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Թերզեան նշեց, որ ինք կատարեալ վստահութիւն ունի Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին նկատմամբ եւ անկէ կ՛ակնկալէ լուսաբանական պատասխան մը:

 

 

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Հրաժեշտի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Յաջորդը

Պըրրի. «Ճիգ Չխնայել` Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.