Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին յառաջապահներէն Լուիս Սուարեզ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (1-1) վիրաւորուեցաւ, երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Պարսելոնա «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ այսօր հիւրը պիտի ըլլայ հոլանտական «ՓՍՎ» Այնտհովընին:
Պարսելոնայէն բացակայ են նաեւ Ռաֆինիա եւ Սերճի Ռոպերթօ:
Այս տարեշրջանին Սուարեզ Պարսայի հետ իր կատարած 18 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 9 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ:



