Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով. Մաքրոն Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը` Անոր Յայտնելով Ֆրանսայի Զօրակցութիւնը

November 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն:

Մաքրոն իր նամակին մէջ շնորհաւորեց նախագահ Աունը Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով` հաստատելով, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ զօրակցելու Լիբանանին եւ անոր իւրայատուկ կառուցուածքին` դիմադրելով անոր սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Մաքրոն շեշտեց, որ Փարիզ կառչած կը մնայ Լիբանանի ազգային միասնականութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան, ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան:

Ան հաստատեց Լիբանանի կողմէ որդեգրուած շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կարենայ հեռու մնալ շրջանին մէջ իրարու դէմ պայքարող ուժերէն եւ սկսիլ անհրաժեշտ բարեկարգումներուն, որպէսզի երկրին տնտեսութիւնը բարելաւուի:

«Այնպիսի շրջանի մը մէջ, ուր ահաբեկչութիւնը, արիւնահեղութիւնը եւ կրօնական ծայրայեղութիւնը տիրական ներկայութիւն են, Լիբանան անշեղ կը մնայ ներողամտութեան, չափաւորականութեան, ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան իր արժանիքներէն: Այս պատճառով ալ Լիբանան ժողովրդավարութեան եւ բազմազանութեան մարմնացումը կը նկատուի», գրեց Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ տնտեսական կացութեան բարելաւման կողքին տնտեսական բարեկարգումները գործադրուին` լիբանանցի ժողովուրդին կարիքները գոհացնելու իմաստով:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է վստահի տեղահանուածներուն եւ հիւրընկալ երկիրներուն տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւններուն, այնքան ատեն որ կամաւոր եւ ապահով տունդարձ կատարելու պայմանները տակաւին չեն ամբողջացած:

Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին վաւերացուած տնտեսական բարեկարգումները գործադրել:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ 6 մայիս 2018-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը` դիտել տալով, որ այս շրջագիծին մէջ կարեւոր է, որ Լիբանան ամէնէն արագ միջոցին կազմէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն: Ան Լիբանան այցելութեան յոյս յայտնեց, նախագահ Աունին փոխանցելով ջերմ բարեմաղթութիւններ` Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման առումով:

Նշենք, որ նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Ուղղեց Վերադառնալու Կառավարութեան Կազմութեան Հիմնական Սկզբունքներուն

Յաջորդը

Փայլանի Հարցումը` Աքարին. «Ինչո՞ւ Քրիստոնեաները, Հրեաները Եւ Այլ Կրօններ Դաւանողները Կը Ծառայեն Թրքական Բանակին»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.