Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Շուֆ եւ այդ շրջանի մայրիներու արգելոցին մէջ տնկեց մայրի մը` իր անունով:
Պասիլ յայտնեց, որ իրենցմէ կը պահանջուի մայրիի արմատներուն նման հողին մէջ խրած մնալ:
«Շուֆի մէջ մենք սորվեցանք ինչպէս կառուցել: Այս առիթով կը շնորհաւորենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ միշտ Լիբանանի կենսոլորտին հոգ կը տանի», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ Շուֆի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ունեցած է իր երեսփոխաններն ու նախարարները` աւելցնելով, որ այլեւս արտօնուած չէ ըսել, թէ բոլոր մարզերուն մէջ գործելու կարելիութիւն չկայ, ըլլայ ան ընկերային, տնտեսական, մարդասիրական եւ վարչական աշխատանքի: «Պէտք է իրարու նկատմամբ բաց ըլլալ` նոյն ընկերութեան յառաջդիմութեան եւ նոյն շրջանին բարգաւաճումին համար գործակցութեան առումով: Պէտք է խաղաղ ապրիլ ու դասեր քաղել պատերազմի օրերէն` ապագային նման աղէտներ կանխարգիլելու նպատակով», հաստատեց ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ Շուֆի մէջ քաղաքական վերադարձը կատարուած է` աւելցնելով, որ մարտահրաւէրը կը մնայ այդ վերադարձը գործի ու բարգաւաճման վերածելը:
Միւս կողմէ, շաբաթ օր Պասիլ Պաթրունի մայրուղիին նորոգութեան աշխատանքին հիմնարկէքը կատարեց` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի, որովհետեւ երկրին բնականոն ընթացքը այդ կը պահանջէ, եթէ արդարութեան չափանիշներուն վրայ հիմնուինք:


