Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Պարգեւատրէ Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը

November 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանին հետ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանքի տիկնանց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու եւ դպրեվանքի բարեկամներու:

Դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւններէն մէկն է անհատական նուաճումները հայութեան նուիրել: Այս իմաստով, ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց լեռնագնացին կենսագրականը: Լիբանան ծնած եւ պատերազմին պատճառով Ֆրանսա գաղթած Խաչատուրեան 40 տարեկանին կը նետուի մարզական աշխարհ եւ կը բարձրանայ «Մոն պլան» եւ Արարատ լեռները: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ան կը նուաճէ աշխարհի բարձրագոյն գագաթը` Էվերեսթը:

Արա Խաչատուրեան խօսեցաւ իր լեռնագնացութեան արկածախնդրութիւններուն մասին` շեշտը դնելով դժուարութիւնները հաւատքով ու կամքով դիմագրաւելու հրամայականին վրայ: Ան երկու կարճ տեսանիւթեր ցուցադրեց 2016 թուականին Էվերեսթ բարձրանալուն եւ 2018 թուականին Մարսէյէն Հայաստան վազելուն մասին: Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լեռնագնացութեան ամէնէն խորհրդալից պահը հանդիսացած է այն, երբ ինք իբրեւ հայ եռագոյնը, իսկ իբրեւ քրիստոնեայ Աստուածաշունչը բարձրացուցած է աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթին` Էվերեսթի վրայ: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը գնահատեց Խաչատուրեանի կորովն ու յաջողութիւնները եւ մատնանշեց երկու կարեւոր կէտեր` կամքի ու հաւատքի զօրութիւնը եւ աշխարհին ամէնէն բարձր գագաթին վրայ Աստուածաշունչի զետեղումը: Խաչատուրեանի կողմէ Աստուածաշունչը լերան գագաթը զետեղելուն մասին վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Զիս յուզեց Աստուածաշունչը Էվերեսթի գագաթին վրայ զետեղելը, եռագոյնի կողքին: Սա ունի իր խորունկ պատգամը…»: Ապա, վեհափառ հայրապետը Արա Խաչատուրեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով:

 

 

Նախորդը

Փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

«Պզտիկ-Մզտիկ»-Ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.