Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Քաղաքապետն Ու Նահանգապետը Եւ Ընդհանուր Դատախազութիւնը Կը Հետապնդեն Յորդած Կոյուղիին Պատասխանատուները

November 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ ուրբաթ օր տեղատարափ անձրեւին հետ միախառնուած եւ մայրաքաղաք Պէյրութի, յատկապէս Ռամլեթ Պայտայի շրջանը ողողած կոյուղիի ջուրերը ցնցեցին լիբանանեան պետութիւնը:

Հաւանաբար այս հակազդեցութիւնը նոյնը պիտի չըլլար, եթէ այլ շրջաններու մէջ պատահէր այդ աղէտը:

Պէյրութի քաղաքապետէն մինչեւ նահանգապետ եւ դատական իշխանութիւններ ահ ու սարսափի մատնուած ընդգծեցին արձանագրուած այդ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բանալու կարեւորութիւնը:

Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի դատական իշխանութիւններէն պահանջեց ճշդել այդ դէպքին պատասխանատուները, որոնք Ռամլեթ Պայտայի ենթակառոյցին դէմ ոտնձգութիւններ գործած էին:

Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի` ընկերակցութեամբ խումբ մը ճարտարապետներու, շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Պլիս ու Ռամլեթ Պայտայի շրջան եւ ստուգեց ողողումներուն պատճառով արձանագրուած վնասները` շարունակելու համար հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները:

Իթանի Ռամլեթ Պայտայի մէջ ստուգեց այն շրջանը, ուր քանդուած էր այն աղիւսը, որ պատճառ դարձած էր կոյուղիին յորդելուն:

Երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ Իթանի յայտնեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին մաս կազմող անձնաւորութիւն մը տեղեակ էր Պէյրութի հիմնական կոյուղին աղիւսով փակելու քայլէն: «Մեզի համար կարեւոր է գիտնալ, որ ո՛վ ծածկած է այս ծրագիրը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառչած կը մնայ ճշմարտութեան բացայայտումին եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելուն` դատական իշխանութիւններուն ընդմէջէն:

Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ հրահանգեց անմիջական հետաքննութիւն բանալ եւ ճշդել կոյուղիները փակող անձերուն ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի կատարած մամլոյ ասուլիսի վիտէոյէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ նահանգապետութեան պատրաստած տեղեկագիրը` այդ ողողումներուն մասին:

Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան Շպիպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ «Իտըն Պէյ»-ը, Ղպէյրիի քաղաքապետութիւնը, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդն ու երեք ճաշարաններ պատասխանատու են Ռամլեթ Պայտան կոյուղիի ջրվէժներու վերածելու երեւոյթին:

Շպիպ ներողութիւն խնդրեց քաղաքացիներէն:

Շպիպ նշեց, որ կոյուղիները փակելու արարքը հանրային կառոյցներու դէմ ոտնձգութիւն գործել է եւ պահանջեց ընդհանուր դատախազութենէն միջամտել եւ այս հարցին ճշմարտութիւնները բացայայտել:

Ղպէյրիի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Շպիպ ուրիշները ամբաստանած է յանցանքներով` իր սխալները ընդունելու եւ պատասխանատուութիւնը քաջաբար կրելու փոխարէն:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Նախագահ Աունը Շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կարծր Պատասխանը Փաշինեանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.