Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ողջունեց օր մը առաջ Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ կատարուած հաշտութիւնը` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան որեւէ համաձայնութիւն, յատկապէս Լիբանանի արիւնալի պատերազմին ընթացքին իրարու հակառակորդ կողմերու միջեւ որեւէ համաձայնութիւն, կ՛ամրապնդէ երկրին ազգային միասնականութիւնը, կ՛ամրագրէ լիբանանեան դիմադրողականութիւնը, առաջնահերթ կը նկատէ քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հզօրացնէ լիբանանեան պետութիւնն ու իշխանութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Վատիկանի մէջ Արեւելքի եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որուն ընկերակցեցան Արեւելքի քրիստոնեաներուն օժանդակող կազմակերպութիւններու եւ խորհուրդներու ներկայացուցիչներ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան երկիր մըն է, ուր համախմբուած են մեծ թիւով համայնքներ եւ յարանուանութիւններ, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ: «Մէկ խօսքով, Լիբանան բազմազանութեան երկիր է, եւ այդ իրականութիւնը մեծ ճիգեր ու ջանք կ՛ենթադրէ` պաշտպանելու երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ պահպանելու զայն` յարգելով բոլոր անհատներուն եւ խմբաւորումներուն խիղճը, իրենց ծէսերը կատարելու ազատութիւնն ու իրենց հաւատամքին մասին ազատ արտայայտուելու իրաւունքը: Հետեւաբար բնական է, որ ունենանք քաղաքական կուսակցութիւններ եւ տարակարծութիւններ, ինչպէս նաեւ հակասական տեսակէտներ: Բայց եւ այնպէս բոլոր լիբանանցիները համաձայն են ազգային գերագոյն շահերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյութիւն ունի` Լիբանանի անկախութիւնը յարգելու եւ Լիբանանի ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու իմաստով», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք Արեւելքի քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնը կը բաժնէ` շրջանին մէջ անոնց ապագային գծով: Այս շրջագիծին մէջ ան Վատիկանի զօրակցութիւնը խնդրեց` Երուսաղէմին յաւելեալ միջազգային բնոյթ շնորհելու, նկատի ունենալով, որ ան կը համախմբէ միաստուածեան երեք կրօնները:
Նախագահ Աուն զգուշացուց պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը իր հողին եւ ինքնութեան իմաստով ոտնակոխ ընելու վտանգներէն: Ան հաստատեց, որ այս իրականութիւնը պիտի չդրսեւորուի խաղաղութեան հաստատումով, որովհետեւ կարելի չէ երկրի մը ու ժողովուրդի մը ինքնութիւնը եւ ապրելու իրաւունքը ջնջել:
Իր կարգին, կարտինալ Սանտրի նախագահ Աունին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս պապին ողջոյններն ու Լիբանանի համար անոր օրհնութիւնները` հաստատելով, որ ան միշտ կ՛աղօթէ Լիբանանի խաղաղութեան եւ լիբանանցիներուն բարօրութեան համար:
Լիբանան իր այցելութեան առիթով, կարտինալ Սանտրի նախագահ Աունին յանձնեց պապին կողմէ յուշամետալ մը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:



