2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով խօսք առած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան. ան դիտել տուած է, որ ստեղծուած է տարօրինակ իրավիճակ, որուն պատճառը տրուած ինքնանպատակ որոշումն է` ընտրութիւնները դեկտեմբերին կայացնելու վերաբերեալ:
«Յայտնուած ենք այնպիսի իրավիճակի մէջ, որ պիւտճէն կը ներկայացնէ կառավարութիւն մը, որուն բոլոր անդամները պաշտօնանկ եղած են եւ պաշտօնակատար են: Պիւտճէն պիտի հաստատէ այն Ազգային ժողովը, որ տէ ժիւրէ լուծուած վիճակի մէջ է, ըստ էութեան` նոյնպէս պաշտօնանկ եղած է եւ նոյնպէս պաշտօնակատար է, բայց կը քննարկենք այնպիսի փաստաթուղթ մը, որ քաղաքական, տնտեսական կարեւորագոյն փաստաթուղթը նկատուած է միշտ», յայտնած է պատգամաւորը եւ աւելցուցած, որ ասիկա տխուր մտորումներու դուռ կը բանայ:
Ռուստամեան նշած է, որ ինք կը հասկնայ, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը պիւտճէն կ՛որակէ իբրեւ թոյլ` նախորդ ընթացքը նկատի ունենալով, թէ շատ բան չի կրնար փոխուիլ: «Այս նաեւ կը նշանակէ, որ պիտի կիրարկուի այն ոճը, որ` ընդունուի կամ չընդունուի, նոյն բանը պիտի ըլլայ: Ըստ էութեան, կրնայ այդպէս ալ ըլլալ: Նոր կառավարութիւնը պէտք է նախորդ պիւտճէի համամասնութեամբ ատիկա իրականացնէ, եւ բնականաբար, յառաջիկայ կառավարութեան հանդէպ խոչընդոտներ չկան: Չեմ կարծեր, թէ այս Ազգային ժողովը խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ այս պիւտճէի ընդունման համար, մանաւանդ որ կառավարութեան որեւէ գործունէութիւն այս խորհրդարանին մէջ երբեք չէ խոչընդոտուած, եւ այս տրամաբանութիւնը պէտք է հիմա ալ գործէ: Կարելի է ըսել, որ ասիկա ոչ թէ հինէն եկած թուլութիւն ունեցող պիւտճէ է, այլ փոխանցման պիւտճէ է, որ պիտի փոխանցենք յաջորդ կառավարութեան, որուն երկու ծնողներն ալ` կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովը, պաշտօնանկ եւ պաշտօնակատար են, բայց պէտք է, իբրեւ ժառանգութիւն, փոխանցեն միւս կառավարութեան», ըսած է Ռուստամեան:
Ան ընդգծած է, որ այն խորհրդարանը, որ կը հաստատէ պիւտճէն, անոր վերահսկելու կարելիութիւն պիտի չունենայ, եւ այն կառավարութիւնը, որ զայն ներկայացուցած է, շատ հաւանաբար նոյն կազմով պիւտճէն գործադրելու կարելիութիւն չունենայ, այդ պատճառով տարօրինակ իրավիճակ կը տիրէ: «Մենք թեր պիտի քուէարկենք` մեկնելով այն հանգամանքէն, որ վերջին շունչին պէտք չէ խնդիրներ ստեղծել հետագայ ընթացքին համար: Այդուամենայնիւ, պէտք է սահմանուի պատասխանատու փաստաթուղթ մը, զոր օրէնքով նախատեսուած կարգով յաջորդները պարտաւոր են իրականացնել: Յոյսով եմ` նոր խորհրդարանը կը վերահսկէ ատոր իրականացման, նոր կառավարութիւնը առնուազն հիմնական բաղադրիչները կ՛իրականացնէ», յայտնած է ան:
Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ պիւտճէին մէջ կան դրական կէտեր` ընկերային առումով: «Առնուազն մէկ կարեւոր փաստ նկատի առնելով ալ մենք թեր պիտի քուէարկենք: Փաստօրէն, հիմնական կենսաթոշակը կ’աւելցնենք 10 հազար դրամով, որ կարեւոր քայլ է, որպէսզի հետագային ալ հասնինք այնպիսի տեղ, որ երկիրին մէջ աղքատներ գոյութիւն չունենան: Այդ աղքատները պէտք է իրենց բանաձեւումը ունենան: Մինչեւ հիմա ոչ ոք փորձած է ուղիղ իմաստով նայիլ եւ ըսել, որ աղքատ են բոլոր անոնք, որոնք կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղի չափ եկամուտ չունին: Եթէ այդպէս նայինք, պիտի տեսնենք, որ մեր բնակչութեան 70-80 տոկոսը աղքատ է: Ուրեմն ըսել, որ աղքատներ պիտի չըլլան` պաշտօնական յայտարարութիւն է: Ես ատոր համար ալ կ’ըսեմ` կարեւոր է, որ հիմնական կենսաթոշակը, որ ընդամէնը 16.000 դրամ է, ինչ որ ամօթ է, եւ վաղուց մեր ամօթը եղած է, հիմա պիտի դառնայ 26 հազար դրամ, որ նոյնպէս ամօթ է. այդ 26 հազարն ալ չի կրնար բարելաւել ոեւէ չքաւորի, աղքատի իրավիճակ: Այդ առումով ապագայ իշխանութիւնները շատ մեծ ընելիքներ ունին: Քիչ է յայտարարել, որ հայ մարդը պէտք չէ աղքատ ըլլայ, որովհետեւ ատոր համար նախ հարկաւոր են իրական աղքատութեան գնահատականներ եւ իրական ծրագիրներ, որ աղքատութիւնը վերացուի: Եւ քանի որ ասիկա փոխանցման պիւտճէ է, մենք այդ փոխանցման չենք խոչընդոտեր, մենք թեր կը քուէարկենք անոր», եզրափակած է Ա. Ռուստամեան:



