Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով 14 նոյեմբերին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուած է դիմում 11 քաղաքական ուժերու կողմէ` ինը կուսակցութիւն եւ երկու դաշինք:
Գործող իշխանութեան «Իմ քայլը» դաշինքը Քաղաքացիական պայմանագիր եւ Առաքելութիւն կուսակցութիւններու միաւորումն է:
Քաղաքացիական պայմանագիրի մամլոյ բանբեր Վահան Կոստանեան իրենց ցանկը բնութագրեց իբրեւ յեղափոխական:
«Իմ քայլը» դաշինքի ցանկին մէջ ընդգրկուած է 183 թեկնածու, զայն կը գլխաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը:
Նախկին իշխանութեան` Հանրապետական կուսակցութեան ցանկը կը գլխաւորէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը: ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Կարինէ Աճէմեան նկատել տուած է, որ իրենց պէտք է վստահութեան քուէ տան` խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան դիրքը գրաւելու համար: Կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեանն ալ, Աճէմեանի համաձայն, անմասն պիտի չմնայ ընտրապայքարէն, թէեւ ցանկին մէջ ընդգրկուած չէ. ան մնայուն ներկայութիւն է կուսակցութեան կեդրոնին մէջ, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ եւ քննարկումներ կը կատարէ, նշեց Աճէմեան:
«Բարգաւաճ Հայաստան»-ը ընտրութիւններուն կը մասնակցի կուսակցութեան ձեւաչափով: Ցանկը կը գլխաւորէ ԲՀԿ-ի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը:
Դաշնակցութեան թեկնածուներուն ցանկը կը գլխաւորէ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը:
«Լուսաւոր Հայաստան»-ը կը մասնակցի Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորութեամբ:
Արթուր Բաղդասարեանը կը գլխաւորէ Օրինաց երկիր կուսակցութեան թեկնածուներուն ցանկը:
Հանրապետութիւն եւ Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութիւնները կը մասնակցին «Մենք» դաշինքով, որ կը գլխաւորէ Արամ Սարգսեանը, իսկ անոր կը յաջորդէ Ազատ դեմոկրատներու առաջնորդ Խաչատուր Քօքոբելեանը:
Նորաստեղծ Սասնայ ծռեր կուսակցութեան ցանկը կը գլխաւորէ Վարուժան Աւետիսեանը:
Այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ նորաստեղծ Քաղաքացու որոշում, Ազգային յառաջընթաց, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ կուսակցութիւնները:



