Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄՈՒՏՔԸ` ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ

December 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

«Ազ­դակ»ի խմբագ­րու­թե­նէն հա­սած երկ­տող մը կը հա­ղոր­դէր ու­րախ լուր մը.  թեր­թը օժտ­ուած է գու­նա­ւոր տպագ­րու­թեան նոր սար­քե­րով, կը ծրագր­ուի լոյս ըն­ծա­յել յա­տուկ թիւ մը, ուր տեղ պի­տի տրուին նա­եւ արդ­ի­ա­կա­նաց­ման նա­խըն­թաց հանգր­ուան­նե­րուն, ու հարց կը տրուէր, թէ այս ծի­րին մէջ արդ­եօք յու­շեր ու­նի՞մ ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ բաժ­նեկ­ցե­լու:

Ահա խոս­տու­միս ար­դիւն­քը: (Նշեմ, որ անց­եա­լին, այս մա­սին գի­րով ար­տա­յայտ­ուած եմ «Ազ­դակ»-ի մէկ բա­ցա­ռիկ թիւին մէջ, սա­կայն վստահ եմ` այս սիւ­նակ­նե­րը նոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ պի­տի տան):

Հիմ­նա­կա­նին մէջ կանգ պի­տի առ­նեմ 1993-1994 տա­րի­նե­րուն վրայ, երբ մաս կը կազ­մէի «Ազ­դակ»-ի ըն­տա­նի­քին եւ ին­ծի վստահ­ուած էր խմբա­գի­րի ու տնօ­րէ­նի պար­տա­կա­նու­թիւնը: Նա­եւ առա­ւե­լա­բար պի­տի կեդ­րո­նա­նամ տպա­րա­նի բա­ժի­նին վրայ, թէ­եւ խմբագ­րա­կան կազմն ալ հանգր­ուան առ հանգր­ուան ապ­րած է արդ­ի­ա­կա­նաց­ման ի՛ր պատ­մու­թիւնը, նոր ու­ժեր եկած են մի­ա­նա­լու անձ­նա­կազ­մին, ճամ­բոր­դող­ներ կամ այլ աս­պա­րէզ նե­տուող­ներ փո­խա­րին­ուած են նո­րեկ­նե­րով, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է հա­ւա­քա­կան դրօ­շար­շա­ւին մէջ:

Յիշ­եալ տա­րի­նե­րուն է, որ «Ազ­դակ» ի վեր­ջոյ մուտք գոր­ծեց տպագ­րու­թեան ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան աշ­խար­հը` որ­դեգ­րե­լով հա­մա­կարգ­չա­յին գրա­շա­րու­թեան-էջադ­րու­մի ու օֆ­սեթ տպագ­րու­թեան դրու­թիւնը: Նման ոս­տում տե­ղի կ՛ու­նե­նար բա­ւա­կան ու­շա­ցու­մով. պատ­ճա­ռը` Լի­բա­նա­նի պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակն ու անոր «պար­գե­ւած» տնտե­սա­կան ան­կում­ներն էին (ան­կու­մը ապ­րած էր բազ­մա­թիւ հանգըր-ւան­ներ, յատ­կա­պէս սրե­լով 1987-88 տա­րի­նե­րէն սկսեալ, երբ ամե­րիկ­եան տո­լա­րին սա­կը 3 լիբ. ոսկիի սահ­ման­նե­րէն սկսաւ թռչկո­տիլ դէ­պի վեր-վեր, օր մըն ալ քե­րե­լով 3,000 լիբ. ոսկիի սահ­ման­նե­րը):

Պատ­մու­թեան հա­մար պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ արդ­ի­ա­կա­նաց­ման նա­խըն­թաց քայ­լերն ալ առն­ուած են որոշ ու­շա­ցու­մով. օրի­նակ, 1969-70 տա­րի­նե­րուն է, որ «Ազ­դակ» օժտ­ուած է մի­ա­ժա­մա­նակ 8 էջ տպագ­րող «Տիւպ­լեքս» մե­քե­նա­յով, որ կու գար փո­խա­րի­նե­լու նախ­կին` կէս մե­քե­նա­կան տպագ­րա­կան սար­քը. նա­խորդ մա­մու­լը կրնար չորս էջ տպել` եր­կու ան­գա­մով. նախ պէտք էր տպել թեր­թին մէկ երե­սը, յե­տոյ` երկ­րոր­դը: Տպագ­րո­ղը պէտք էր ձեռ­քով «կե­րակ­րէր» թուղ­թը… Այդ շրջա­նին տպա­րա­նը ար­դէն ու­նէր տո­ղա­շա­րա­կան հա­մե­մա­տա­բար ար­դի մե­քե­նա­ներ, որոնք կա­պա­րի հա­լո­ցի մի­ջո­ցով տող առ տող կը կազ­մէ­ին սիւ­նակ­նե­րը, իսկ էջադ­րո­ղը պէտք էր խո­րա­գիր­նե­րուն բա­ռե­րը մէկ առ մէկ շա­րէր ձեռ­քով, ինչ­պէս որ գրա­շար­նե­րը կ՛ընէ­ին յիշ­եալ մե­քե­նա­նե­րու տպա­րան մուտ­քէն առաջ, այ­սինքն ամ­բողջ սիւ­նակ­նե­րը պէտք էր շա­րէ­ին ձեռ­քով, տող առ տող, սիւ­նակ առ սիւ­նակ, ու էջադ­րո­ղը անոնց­մով պէտք էր կազ­մէր էջե­րը: «Ազ­դակ»ին ու այլ տպա­րան­նե­րու հա­մար այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կա­րե­լի է կո­չել «հին ու նոր կա­պա­րի դա­րեր», որով­հե­տեւ ձեռ­քով թէ մե­քե­նա­յով տո­ղա­շա­րու­թիւնը կը կա­տար­ուէր կա­պա­րա­ձոյլ մեծ ու փոքր գի­րե­րով: Կ՛ար­ժէ նշել, որ այդ օրե­րուն տպա­րա­նի աշ­խա­տա­ւո­րին` գրա­շա­րին, էջադ­րո­ղին ու տպագ­րո­ղին հա­մար, ամէն օր կար մղձա­ւան­ջա­յին պահ մը. սա այն պահն էր, երբ կազմ­ուած էջը պի­տի փո­խադր­ուէր մա­մու­լին վրայ: Եթէ պա­տա­հէր, որ որե­ւէ պատ­ճա­ռով (ոչ միայն մարդ­կա­յին թե­րու­թեան), փո­խադ­րուող էջը ար­կա­ծի հան­դի­պէր, տո­ղե­րը կամ սիւ­նակ­նե­րը թոյլ կեր­պով կազմ­ուած ըլ­լա­յին ու յան­կարծ տո­ղերն ու սիւ­նակ­նե­րը շրխկա­լով թա­փէ­ին գե­տին, խմբա­գիր ու աշ­խա­տա­ւոր չըս­ուե­լիք «օրհ­նու­թիւն­նե­րով» կը հա­կազ­դէ­ին «ար­կա­ծին» ու ստիպ­ուած կ՛ըլ­լա­յին այ­լա­պէս քնա­նա­լու տրա­մադըր-ւե­լիք ժա­մե­րէն «ու­տել», որ­պէս­զի էջը վե­րա­կազմ­ուէր ու դրուէր մա­մու­լին տակ: Նման ար­կա­ծի պա­րա­գա­յին, գրա­շար մը կը սկսէր եր­գել «Առա­ւօտ լու­սոյ»: (Աւե­լորդ չ՛ըլ­լար ար­ձա­նագ­րել, որ «Ազ­դակ»ը հի­նէն ի վեր եղած է գի­շե­րա­յին թերթ, այ­սինքն` տպագ­րու­թիւնը կը կա­տար­ուի կէս գի­շե­րին կամ ան­կէ ժա­մեր ետք): Այդ դրու­թիւնը նա­եւ եր­բեմն առիթ կու տար ան­հա­ճոյ կա­տակ­նե­րու. կազմ­ուած էջը մա­մու­լին փո­խադ­րող աշ­խա­տա­ւո­րին հե­տե­ւող գրա­շար մը յան­կարծ գե­տին կը թա­փէր նա­խա­պէս գոր­ծած­ուած ու հա­լե­լու հա­մար սնտուկ­նե­րու մէջ դրուած տո­ղե­րու «փունջ» մը, վեր-վեր ցատ­կեց­նե­լով բո­լո­րին սիր­տե­րը եւ գահ-գահ մը պայ­թեց­նե­լով խաբ­ուած պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն դի­մաց…

ՓԱ­ԿՈՒՄ «ԿԱ­ՊԱ­ՐԻ ԴԱՐ»ՈՒՆ

Վե­րա­դառ­նանք 90-ական­նե­րու յիշ­եալ հանգր­ուա­նին:

Ինչ­պէս նշե­ցի, «Ազ­դակ» 70-ական­նե­րու սկիզ­բը ապ­րած էր արդ­ի­ա­կա­նա­ցու­մի նա­խորդ գլխա­ւոր հանգր­ուա­նը: 1975-ին ապ­րի­լին, երբ պայ­թե­ցան Լի­բա­նա­նի ծա­նօթ դէպ­քե­րը, յե­տոյ, 16 տա­րի ետք, պատ­մու­թեան ան­ցան լի­բա­նան­եան պա­տե­րազմ որա­կու­մով, աշ­խար­հը շա­րու­նա­կած էր մե­քե­նա­կան ու հա­մա­կարգ­չա­յին արդ­ի­ա­կա­նու­թեան խօլ վազ­քը, մինչ­դեռ, ինչ­պէս տագ­նա­պա­հար որե­ւէ եր­կիր` Լի­բա­նան մտած էր տեղ­քայ­լի ու դան­դա­ղու­մի ըն­թաց­քի մէջ: Պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կը Լի­բա­նա­նին հար­կադ­րեց ու­շա­ցու­մով հե­տե­ւիլ այդ քայ­լե­րուն, նաե՛ւ տպագ­րա­կան կալ­ուա­ծին մէջ: Ոչ հայ­կա­կան թեր­թեր ու տպա­րան­ներ, որոնք ու­նէ­ին նիւ­թա­կան աւե­լի բա­րօր վի­ճակ կամ ար­տա­քին ու ներ­քին աջա­կից­ներ, հա­մա­կարգ­չա­յին ու օֆ­սեթ տպագ­րա­կան դրու­թիւն­նե­րը որ­դեգ­րե­ցին աւե­լի կա­նուխ: «Ազ­դակ»ի (նա­եւ հայ­կա­կան այլ թեր­թե­րու) հա­մար այդ գա­րու­նը հար­կադ­րա­բար եկաւ բա­ւա­կան ուշ, երբ ար­դէն տո­ղա­շա­րա­կան ու տպագ­րա­կան մե­քե­նա­նե­րը սկսած էին դառ­նալ թան­գա­րա­նա­յին, այ­լեւս կը դժուա­րա­նար «նախ­նա­դար­եան» մե­քե­նա­նե­րուն փոխ­նորդ կտոր­ներ ապա­հո­վե­լը: Ստեղ-ծ­ուած էր անե­րե­ւոյթ «դա­մոկլ­եան սուր» մը, որ ամէն օր կը սպառ­նար թեր­թին լոյս ըն­ծա­յու­մը ան­կա­րե­լի դարձ­նել:

Այս վի­ճա­կը ծա­նօթ էր ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէ­ին, որուն պաշ­տօ­նա­թերթն է «Ազ­դակ»: Եւ ինչ­պէս նա­խըն­թաց հանգըր­ւան­նե­րուն, այս ան­գամ եւս Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն տուաւ բա­րե­փոխ­ման որո­շու­մը, ապա­հո­վեց նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը, եւ անոր գոր­ծադ­րու­թիւնը վստա­հե­ցաւ, տնօ­րէ­նու­թեան կող­քին, այս ար­հես­տա­գի­տու­թեան քա­ջա­ծա­նօթ ու մաս­նա­գէտ ըն­կեր­նե­րու, որոնք սկսե­լով ու­սում­նա­սի­րա­կան փու­լէն` մին­չեւ ծրա­գի­րին ամ­բող­ջա­ցու­մը, ամե­նայն պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ եւ նուի­րու­մով կա­տա­րե­ցին իրենց պար­տա­կա­նու­թիւնը: Այս ծրա­գի­րին իրա­գործ­ման նպաստ բե­րին բազ­մա­թիւ ըն­կեր­ներ ու բա­րե­կամ­ներ: Յատ­կա­պէս կ՛ու­զեմ յի­շել անուն­նե­րը չորս ըն­կեր­նե­րու, որոնք խորհր­դա­տուու­թեամբ թէ գործ­նա­կան աջակ­ցու­թեամբ մաս­նա­կից եղան այդ աշ­խա­տան­քին: Անոնք են, հա­մա­կար­գիչ­նե­րու ապա­հով­ման ու առն­չա­կից աշ­խա­տանք­նե­րու գծով` հան­գուց­եալ Վազ­գէն Էթե­մեզ­եա­նը, Վա­չէ Փա­փազ­եա­նը, Ժի­րայր Պէ­օ­ճէք­եա­նը եւ Ար­ծիւ Տէր Խա­չա­տուր­եա­նը: (Վ. Էթե­մեզ­եան նա­խա­պէս ալ աջակ­ցած էր թեր­թին, երբ կարգ մը բա­ցա­ռիկ­ներ պէտք էր պատ­րաս­տել հա­մա­կարգ­չա­յին դրու­թեամբ, որ, այս սկզբնա­կան շրջա­նին, չու­նէր այ­սօր­ուան դրու­թեան առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը. տա­լու հա­մար օրի­նակ մը` յի­շեմ, որ շար­ուած սիւ­նակ­նե­րը կը տպուէ­ին յա­տուկ թուղ­թի վրայ, կը փակց­ուէ­ին էջին, տո­ղի մը մէջ սրբագ­րու­թեան հա­մար, տու­եալ տո­ղը կը շար­ուէր դարձ­եալ ու կը փակց­ուէր սիւ­նա­կի տու­եալ տո­ղին վրայ: Սա մեծ բա­րե­փո­խու­թիւն էր` հա­մե­մա­տած «կա­պա­րի դար»ու մի­ջոց­նե­րուն, մե­ծա­պէս կը դիւ­րաց­նէր գրա­շա­րու­թեան թէ էջադ­րու­մի գոր­ծը, սա­կայն եթէ բաղ­դա­տենք այ­սօր­ուան դրու­թեան հետ, կա­րե­լի է զայն ալ դա­սել նախ­նա­դար­եան):

Տպա­րա­նը ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան դա­րաշր­ջա­նը փո­խադ­րել` կը նշա­նա­կէր առ­նել եր­կու գլխա­ւոր քայլ. գրա­շա­րու­թեան ու էջադ­րու­մի հա­մար ձեռք բե­րել հա­մա­կար­գիչ­ներ, իսկ մա­մու­լը փո­խա­րի­նել տպագ­րու­մի արդ­ի­ա­կան մե­քե­նա­յով:

Յիշ­եալ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ կա­տար­ուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով ու խորհր­դա­տուու­թեամբ, տնօ­րէ­նու­թիւնը հա­սաւ յար­մա­րա­գոյն որո­շու­մին: Փաս­տօ­րէն, պէտք էր ընտ­րել լա­ւա­գոյն ու վստա­հե­լի ըն­կե­րու­թեան մը հա­մա­կար­գիչ­նե­րը. այս ար­հես­տա­գի­տու­թեան տա­րա­ծումն ալ, ինչ­պէս այլ մար­զե­րու մէջ, ու­նէր որա­կա­ւորն ու «աժան­նո­ցը»: Թեր­թը չէր կրնար ու­նե­նալ նուազ որա­կա­ւոր հա­մա­կար­գիչ­ներ, որոնք կրնա­յին որե­ւէ պա­հու «դա­ւա­ճա­նել» ու աշ­խա­տան­քին ամ­բող­ջա­ցու­մը խա­փա­նել: Այլ աս­պա­րէզ­նե­րու պա­րա­գա­յին, յա­ճախ կա­րե­լի է գործ մը վաղ­ուան ձգել: Օրա­թեր­թը նման պեր­ճան­քէ զուրկ է: Որա­կա­ւո­րը բնա­կա­նա­բար պի­տի ար­ժէր աւե­լի սուղ… (այ­սօր կա­րե­լի է մեծ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժտ­ուած հա­մա­կար­գիչ մը գնել քա­նի մը հա­րիւր տո­լա­րով, այդ օրե­րուն, շատ աւե­լի սահ­մա­նա­փակ կա­րո­ղու­թեամբ սար­քեր կը պա­հան­ջէ­ին բազ­մա­տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր տո­լար):

Հա­մա­կար­գիչ­նե­րուն հետ պէտք էր ու­նե­նալ արդ­ի­ա­կան տպիչ­ներ` laser printer-ներ: Սար­քե­րուն ապսպ­րան­քը կա­տար­ուե­ցաւ ու բաց­ուե­ցաւ առա­քու­մին սպաս­ման շրջան մը: Այդ օրե­րուն ար­ձա­նագր­ուե­ցաւ մի­ջա­դէպ մը, որուն կ՛ար­ժէ ակ­նար­կել հպան­ցիկ կեր­պով ժպիտ բաշ­խե­լու հա­մար ըն­թեր­ցող­նե­րուն: Օր մը խմբագ­րա­տուն ներ­կա­յա­ցաւ օտար պաշ­տօ­նա­տար-ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը` հարց տա­լու հա­մար, թէ յիշ­եալ տպիչ­նե­րը ի՞նչ բա­նի հա­մար պի­տի գոր­ծած­ուէ­ին: Խմբագ­րու­թեան հա­մար զար­մա­նա­լի էր նման հար­ցում ու հե­տաքրք­րու­թիւն: Բա­ցատ­րե­ցինք, որ օրա­թերթ ենք, բնա­կա­նա­բար պի­տի գոր­ծա­ծենք մեր հրա­տա­րակ­չա­կան աշ­խա­տան­քին հա­մար: Զրոյ­ցին շա­րու­նա­կու­թե­նէն ի յայտ եկաւ, որ նման տպիչ­ներ ծախ­ուած են Իրա­քի, ուր այս ար­հես­տա­գի­տու­թեան չեմ գի­տեր ո՞ր բա­ժի­նը օգ­տա­գործ­ուած է… հիւ­լէ­ա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան մէջ (Ծո­ցի Ա. պա­տե­րազ­մը քա­նի մը տա­րի առաջ տե­ղի ու­նե­ցած էր, եր­բեմ­նի բա­րե­կամ-գոր­ծա­կից Իրա­քը դար­ձեր էր թշնա­մի, բա­րե­կա­մին շնորհ­ւած ըն­ծա­նե­րը անակն­կալ­նե­րու մատ­նած էին նուի­րող­նե­րը, որոնք տա­սը տա­րի ետք հա­ճոյ­քով պի­տի դի­տէ­ին Սատ­տամ Հիւ­սէյ­նի կա­խա­ղան բարձ­րաց­ուի­լը…):

Զու­գա­հե­ռա­բար, ձեռ­նարկ­ուե­ցաւ արդ­ի­ա­կան մա­մու­լի մը որո­նու­մին, մե­քե­նայ մը, որ բա­ւա­րա­րէր թեր­թին այդ օրե­րու ու ան­մի­ջա­կան ապա­գա­յի կա­րիք­նե­րը: «Ազ­դակ» 70-ական­նե­րու սկիզ­բէն ի վեր լոյս կը տես­նէր 8 էջով, պա­հանջ ու ակն­կա­լու­թիւն կար, որ թեր­թին էջե­րուն թիւը բարձ­րա­նար (էջե­րու թիւի յա­ւե­լու­մը` ու­թէն տա­սի բարձ­րա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1994-ի կէ­սե­րուն): Բա­ւա­կան եր­կար որո­նու­մէ ետք, կա­րե­լի եղաւ ձեռք բե­րել առա­ւե­լա­գոյնն 12 էջ մի­ա­ժա­մա­նակ տպող մե­քե­նայ մը, որ ու­նէր 3 մաս (իւ­րա­քան­չիւ­րը` չորս էջ տպող), նա­եւ` «աճե­լու» հնա­րա­ւո­րու­թիւն, այ­սինքն, անոր վրայ կա­րե­լի էր աւելց­նել չոր­րորդ կամ աւե­լի մա­սեր: Մա­մու­լի սար­քե­րուն որո­նու­մին ու ձեռք­բեր­ման մէջ ալ խմբագ­րու­թիւնը ու­նե­ցաւ ըն­կե­րոջ մը` Կար­պիս Մխճեա­նի գոր­ծակ­ցու­թիւնը (աշ­խա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րու եւ այլ աջա­կից­նե­րու անուն­նե­րը այս սիւ­նակ­նե­րէն դուրս պա­հե­լը անոնց նուի­րու­մին ար­հա­մար­հանք կամ մո­ռա­ցու­թիւն թող չնկատ­ուի, ոչ ալ յի­շա­տակ­ուած­նե­րուն ար­ձա­նագ­րու­մը` անոնց հա­մես­տու­թեան ուղղ­ուած վի­րա­ւո­րանք):

Քա­նի մը ամիս­նե­րու վրայ եր­կա­րող այս գոր­ծըն­թա­ցը ի վեր­ջոյ հա­սաւ իր լրու­մին. «Ազ­դակ» օժտ­ուե­ցաւ հա­մա­կար­գիչ­նե­րով ու արդ­ի­ա­կան մա­մու­լով: Նախ­կին սար­քե­րը, որոնք ատե­նին նկա­տա­ռե­լի նիւ­թա­կան ներդ­րում պա­հան­ջած էին, քանդ­ուե­ցան ու տար­ուե­ցան վերջ­նա­կան հանգս­տա­րան` ձու­լա­րան…

ՆՈՐ ԱՆՁ­ՆԱ­ԿԱԶ­ՄԻ ՀԱՐՑ

Ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան որ­դեգ­րու­մը այս­պէ­սով չա­ւար­տե­ցաւ: Կար լու­ծե­լի այլ հարց մը` տպա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին «արդ­ի­ա­կա­նա­ցում»ը:

Գրա­շար­նե­րու եւ էջադ­րող­նե­րու կազ­մը` տպա­րա­նի աշ­խա­տա­ւոր­նե­րը մեծ մա­սամբ մի­ջին եւ ան­կէ վեր տա­րի­քի մար­դիկ էին. անոնք ամե­նայն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ աշ­խա­տած էին «Ազ­դակ»ի յար­կին տակ: Պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի տա­րի­նե­րուն, մա­նա­ւանդ մին­չեւ 1987, երբ «Ազ­դակ» լոյս կը տես­նէր Արեւմտ­եան Պէյ­րու­թի մէջ, այս մար­դի­կը մաս­նա­կից եղած էին թեր­թին հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծը ըստ կա­րել­ւոյն ան­խա­փան շա­րու­նա­կե­լու, խմբա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տա­կից­նե­րուն չափ նուի­րում ու ծա­ռա­յու­թիւն ու­նէ­ին: Անոնք յա­ճախ,  ստի­պո­ղա­բար, շա­բաթ­ներ շա­րու­նակ հե­ռու մնա­ցած էին իրենց ըն­տա­նիք­նե­րէն` եր­կու գօ­տի­նե­րուն մի­ջեւ եր­թե­ւե­կի ան­կա­րե­լիու­թեան պատ­ճա­ռով: Տա­կա­ւին, ու այդ բո­լո­րէն աւե­լի՛ կա­րե­ւո­րը, այդ խմբա­կին ան­դամ­նե­րը հա­յե­րէ­նին քա­ջա­ծա­նօթ էին, պատ­րաստ` խմբա­գի­րէն ակա­մայ վրի­պած սխալ մը ինք­նա­կամ կեր­պով սրբագ­րե­լու (երբ խմբա­գիր մը ստիպ­ուած է, ժա­մա­նա­կի սղու­թեան պատ­ճա­ռով, լուր մը կամ յօդ­ուած մը թուղ­թին յանձ­նել կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ, կրնայ բառ մը պա­կաս գրել կամ նա­խա­գա­հի մը անու­նին առ­ջեւ ար­ձա­նագ­րել նա­խա­րար, մին­չեւ ան­գամ ու­նե­նալ շա­րա­դա­սու­թեան սխալ­ներ: Գրա­շար­նե­րու այդ սե­րուն­դը պէտք չէր զգար ամէն քայ­լա­փո­խի խմբա­գի­րին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­լու վրի­պու­մը, այլ ուղ­ղա­կի ճիշդ բա­ռե­րը կը շա­րէր,` մե­ծա­պէս դիւ­րաց­նե­լով ստու­գող սրբագ­րի­չին գոր­ծը): Այս ու նման առա­ւե­լու­թիւն­նե­րով օժտ­ուած անձ­նա­կազմ մը կա­րե­լի չէր մէկ օրէն միւ­սը հե­ռացը­նել թեր­թին ըն­տա­նի­քէն, որով­հե­տեւ դժուա­րու­թեան կամ ան­կա­րե­լիու­թեան պի­տի մատն­ուէր նոր սար­քե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու:

Կարգ մը ան­դամ­ներ ինք­նա­կամ կեր­պով հե­ռա­ցան «Ազ­դակ»էն, այլ աս­պա­րէ­զի մէջ գոր­ծե­լու, կամ` ճամ­բոր­դու­թեան պատ­ճառ­նե­րով: Միւս նե­րը ստանձ­նե­ցին փոր­ձե­րու սրբագ­րու­թեան կամ էջե­րը տպագ­րու­թեան պատ­րաս­տե­լու աշ­խա­տանք­ներ: Այ­սօր այդ խմբա­կէն շա­տեր առ­յա­ւէտ բաժն­ուած են այս աշ­խար­հէն, ոմանք` կան­խա­հա­սօ­րէն: Յար­գա՛նք անոնց յի­շա­տա­կին, նա­եւ` թեր­թին հան­դէպ անոնց նա­խան­ձախնդ­րու­թեան ու ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան: Այս տո­ղե­րը կ՛ար­ձա­նագ­րեմ այն նկա­տա­ռու­մով, որ մա­մու­լի աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու այս տե­սա­կը ընդ­հան­րա­պէս կը մնայ լու­սար­ձա­կէ հե­ռու, չի նմա­նիր խմբա­գի­րին ու աշ­խա­տա­կի­ցին, որ իր ստո­րագ­րու­թեամբ ծա­նօթ կը դառ­նայ ըն­թեր­ցո­ղին: Յի­շենք նա­եւ, որ «կա­պա­րի դար»ուն, տպա­րա­նա­յին աշ­խա­տան­քը ի՛սկա­պէս «սեւ աշ­խա­տանք» էր, կա­պա­րին ու մե­լա­նին հետ­քե­րը կը սեւց­նէ­ին աշ­խա­տա­ւո­րին ձեռ­քը, քիթն ու բե­րա­նը…: Ու­րեմն կ՛ար­ժէ, որ այդ մար­դի­կը յի­շենք սի­րով ու յար­գան­քով:

Հա­մա­կար­գիչ­նե­րու վրայ աշ­խա­տան­քի կոչ­ուած աշ­խա­տա­կազ­մը կը բաղ­կա­նար պա­տա­նու­թիւնը նոր ետին ձգած երի­տա­սարդ­նե­րէ: Թէ­եւ անոնք ծա­նօթ էին հա­մա­կար­գիչ կոչ­ուած հրա­շա­լի­քին, սա­կայն թեր­թի աշ­խա­տան­քը ու­նի իր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, որոնք կը կոչ­-ւին արա­գու­թիւն, էջադ­րու­մի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, բայց մա­նա­ւանդ… նուի­րում եւ յանձ­նա­ռու­թիւն: Թեր­թին հա­մար աշ­խա­տո ղը չի նմա­նիր ոե­ւէ այլ պաշ­տօն­եա­յի, որուն աշ­խա­տան­քի ժա­մե­րը յստա­կօ­րէն սահ­ման­ուած են: Մա­նա­ւանդ ան, որ մաս կը կազ­մէ գի­շե­րա­յին աշ­խա­տա­կազ­մին, ի սկզբա­նէ աչք պի­տի առ­նէ, որ պար­տա­դիր ու­շա­ցում­նե­րը կրնան յա­ճախ զինք հա­մա­կար­գի­չին դի­մաց պա­հել ըն­կալ­եալ ժա­մէն ան­դին, օրի­նա­կի հա­մար` երբ պա­տա­հի մե­քե­նա­կան անակն­կալ խան­գա­րում, կամ` ուշ գի­շե­րին հաս­նող լու­րի մը խմբագր­ման հար­կադ­րանք:

Գրա­շար­նե­րու եւ էջադ­րող­նե­րու նոր կազ­մը պէտք էր անց­նէր թեր­թի աշ­խա­տան­քին ծա­նօ­թաց­ման ու ման­րա­մաս­նու­թեանց վար­ժե ցու­մի «դասըն­թաց­քէ» մը, որ տե­ւեց աւե­լի քան 3 ամիս: Այդ շրջա­նին թեր­թին աշ­խա­տան­քը ան­խա­փան պա­հե­լու հա­մար որ­դեգր­ուե ցաւ զու­գա­հեռ աշ խա­տան­քի դրու­թիւն: Այլ խօս­քով, իւ­րա­քան­չիւր օր­ուան թեր­թը գրա­շար­ուե­ցաւ ու էջադ­րում կա­տար­ուե­ցաւ թէ՛ նախ­կին եւ թէ՛ նոր դրու­թեամբ: Սա կը նշա­նա­կէր խմբագ­րա­կան-սրբագ­րու­թեան ար­դէն իսկ ծան­րա­բեռն­եալ աշ­խա­տան­քին կրկնա­պատ­կու­մը: Ստիպ­ուած էինք այդ­պէս ընել, որով­հե­տեւ նոր մա­մու­լին սար­քա­ւո­րու­մը տա­կա­ւին չէր ամ­բող­ջա­ցած եւ այդ ամիս­նե­րուն պէտք էր թեր­թին տպագ­րու­թիւնը կա­տա­րել այլ թեր թի մը տպա­րա­նին մէջ, որ կը գտնուէր Էշ­րեֆի­էի կեդ­րո­նա­կան մէկ շրջա­նը. պայ­ման էր, որ տպագ­րե­լի էջե­րը տպա­րան հասց­նէ­ինք առա­ւօտ­եան ժա­մը 2-էն առաջ, որով­հե­տեւ այդ տպա­րա­նէն լոյս կը տես­նէ­ին նա­եւ այլ օրա­թեր­թեր. որե­ւէ ու­շա­ցում` մեր կող­մէ, պի­տի նշա­նա­կէր տպագ­րու­թիւնը կա­տա­րել առա­ւօտ­եան ժա­մը 4-էն ետք, այ­սինքն ու­շաց­նել ցրուիչ­նե­րուն գոր­ծը եւ… հա­զար ու մէկ ար­դա­րա­ցի գան­գատ լսել ըն­թեր­ցող­նե­րէն: Այլ ան­պա­տե­հու­թիւն պի­տի ըլ­լար նա­եւ հե­ռու քա­ղաք­ներ «Ազ­դակ»ի առաք­ման յե­տաձ­գու­մը` յա­ջորդ օր­ուան:

Նոր կազ­մը քա­նի մը ամիս ետք վարժ­ուե­ցաւ աշ­խա­տան­քի հեւ­քին, գաղտ­նիք­նե­րուն եւ բա­ւա­կան բան իւ­րա­ցուց նա­խորդ սե­րուն­դի նա­խան­ձախնդ­րու­թե­նէն ու աշ­խա­տան­քին կապ­ուա­ծու­թե­նէն: Ահա այդ բո­լո­րէն ետք էր, որ «հնա­դար­եան» մե­քե­նա­նե­րը հանգստ­եան կոչ­ուե­ցան, տպա­րա­նը ստա­ցաւ արդ­ի­ա­կան դի­մա­գիծ:

ԱՐԴ­Ի­Ա­ԿԱ­ՆԱ­ՑՈՒՄ` ՆԱ­ԵՒ
ԼՐԱ­ՏՈՒ ԱՂ­ԲԻՒՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԻ­ՋՈՑ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

Կ՛ար­ժէ հա­կիրճ կեր­պով անդ­րա­դառ­նալ նա­եւ յա­րա­կից մար­զի մը` լրա­տու աղ­բիւր­նե­րու սար­քե­րուն ու մի­ջոց­նե­րուն արդ­ի­ա­կա­նաց ման:

Պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի տա­րի­նե­րուն, նա­եւ ան­կէ առաջ, բո­լոր թեր­թե­րուն պէս, «Ազ­դակ»ն ալ մի­ջազ­գա­յին լու­րե­րու հա­մար կ՛ապա­ւի­նէր մի­ջազ­գա­յին լրա­տու աղ­բիւր­նե­րու, քիչ մըն ալ` ձայ­նաս­փիւ­ռի ու պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րու: Լու­րե­րը կը ստաց­ուէ­ին հե­ռա­տի­պե­րու մի­ջո­ցով: Չկար հա­մա­ցանց կոչ­ուած հրա­շա­լի­քը, որուն մի­ջո­ցով այ­սօր ոե­ւէ ան­հատ կրնայ վայրկ­եան առ վայրկ­եան լու­րեր ստա­նալ, լու­սան կար­ներ տես­նել ու լրատ­ուա­կան ժա­պա­ւէն­ներ դի­տել ափին մէջ իսկ:

90-ական­նե­րու սկիզբ­նե­րը մի­ջազ­գա­յին լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը մտան հա­մա­կարգ­չա­յին դրու­թեան մէկ նոր դա­րաշր­ջա­նը` օգ­տա­գոր­ծե­լով ար­բան­եա­կա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը: «Շաղ­զոյ­եան» կեդ­րո­նի դրա­ցի­նե­րը օր մըն ալ տե­սան, որ շէն­քին գա­գա­թը թա­ռած է լայ­նա­ծիր ափ­սէ մը, որ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ կ՛որ­սայ ու կը տրա­մադ­րէ վա­րի յար­կե­րուն աշ­խա­տող խմբա­գիր­նե­րուն:

Այ­սօր­ուան արա­գա­հոս լրա­տուու­թեան բաղ­դատ­մամբ, սկզբնա­կան այդ շրջա­նին լու­րե­րու ստա­ցու­մը ըստ բա­ւա­կա­նին դան­դաղ էր: Հար­կադ րա­բար աւե­լի «նախ­նա­դար­եան» էին հա­յե­րէն լու­րե­րու հա­ղոր­դում­նե­րը: Նա­խա­պէս, գլխա­ւո­րա­բար Դաշ­նակ­ցու­թեան լրա­տու մի­ջոց­նե­րը կ՛օգ­տա­գոր­ծէ­ին հե­ռա­տի­պը, որուն մի­ջո­ցով, անգլ­ի­ա­տառ հա­յե­րէ­նով բազ­մա­թիւ էջեր կը հաս­նէ­ին խմբագ­րու­թեան. յա­ճախ գի­շեր­ուան ուշ ժա­մե­րուն հաս­նող այդ լու­րե­րը պէտք էր տա­ժան­քով կար­դալ, ամ­փո­փել ու գրա­շա­րին յանձ­նել: Իսկ երբ հա­մա­կար­գի­չը փո­խա­րի­նեց հե­ռա­տի­պը, աշ­խա­տան­քը որոշ դիւ­րու­թիւն ճանչ­ցաւ, թէ­եւ` ոչ այ­սօր­ուան չափ դիւ­րին: Սկզբնա­կան այդ շրջա­նին, հա­յե­րէն տա­ռե­րով խմբագր­ուած լու­րե­րու փո­խանց­ման դրու­թիւնը այ­սօր­ուան չափ զար­գա­ցած չէր. լու­րե­րը կը հաս­նէ­ին «չի­նա­րէ­նով», այ­սինքն, ստաց­ուած լուր մը կամ յօդ­ուած մը պէտք էր ան­ցը­նել հա­յե­րէ­նի «թարգ­մա­նող» հա­մա­կարգ­չա­յին ծրա­գի­րէ մը. գոր­ծը նուազ տաղտ­կա­լի չէր, քան` անգլ­ի­ա­տառ հա­յե­րէ նով հաս­նող հե­ռագ­րա­լու­րե­րուն վեր­ծա­նու­մը: Արդ­ի­ա­կա­նա­ցու­մը ու­նէր իր հա­ճե­լի ու ան­խու­սա­փելի­օ­րէն ան­հա­ճոյ հար­կադ­րանք­նե­րը, որոնք այ­սօր, «կա­պա­րի դար»ու սար­քե­րուն պէս, պատ­մու­թեան ան­ցած են բա­րե­բախ­տա­բար:

Այդ օրե­րէն աս­դին, հա­մա­կարգ­չա­յին ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը ապ­րած է նոր նուա­ճում­ներ, որոնք վստա­հա­բար մե­ծա­պէս կը դիւ­րաց­նեն խմբա­գի­րին ու տպա­րա­նա­յին աշ­խա­տանք ընող աշ­խա­տա­կազ­մին գոր­ծը: Այ­սօր կա­րե­լի է ո՛չ միայն աւե­լի դիւ­րա­մատ­չե­լի մի­ջոց­նե­րով գու­նա­ւոր ու գե­ղե­ցիկ թերթ ու­նե­նալ, այլ հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէջ­նե­րու մի­ջո­ցով, օրը օրին թեր­թը կար­դալ աշ­խար­հի ամէ­նէն հե­ռա­ւոր մէկ ան­կիւ­նին մէջ, չսպա­սել թղթա­տա­րին ճամ­բով առա­քում­նե­րուն:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ, կա­րե­լի չէ երա­նու­թեամբ չյի­շել «հին դա­րաշր­ջան»ի մին­չեւ իսկ վա­տը ու նա­խան­ձով չնա­յիլ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան արա­գաս­լաց թռիչքն ու ըն­ձե­ռած դիւ­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծող խմբա­գիր­նե­րուն ու աշ­խա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րուն:

Արդ­ի­ա­կա­նաց­ման որե­ւէ քայլ ող­ջու­նե­լի է, ան­կաս­կած: Վա­ղը, տասն­եակ տա­րի­ներ ետք, այ­սօր­ուան խմբա­գի­րին հա­մար նո­րու­թիւն ու արդ­ի­ա­կա­նա­ցում, իր կար­գին, պի­տի դառ­նայ «հնա­դար­եան»: Ճար­տա­րար­ուես­տի յե­ղաշր­ջու­մէն` ուշ միջ­նա­դա­րէն ի վեր, ա՛յդ ցոյց կու տայ պատ­մու­թիւնը:

Կայ սա­կայն բան մը, որ ան­փո­փոխ է ու պէտք է մնայ այդ­պէս. այդ ալ հայ մա­մու­լին դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն է, իսկ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լը անոր վրայ կ՛աւելց­նէ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան ու նուի­րու­մի բա­ժին մը. նուի­րում` աս­պա­րէ­զին, նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն` լա­ւա­գոյ­նը տա­լու, գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թիւն պահ­պա­նե­լու եւ զայն նոր հանգր­ուան­ներ առաջ­նոր­դե­լու, առանց ան­տե­սե­լու մայ­րենի­ին անա­ղարտ պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը: Այս բո­լո­րին բա­նա­լի­նե­րը արդ­ի­ա­կան սար­քե­րը օգ­տա­գոր­ծող խմբա­գիր­ներն են ու աշ­խա­տա­կից­նե­րը, որոնք մեր թեր­թը պի­տի կեն­սա­ւո­րեն  այլ տե­սա­կի արդ­ի­ա­կա­նու­թեամբ…

 

 

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԳՐԱՇԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.