Երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը 16-րդ անգամն ըլլալով:
Այս տարի կը մասնակցէին 105 երկիրներէ աւելի քան 48.000 երկսեռ մարզիկներ:
Մարզիկները խանդավառութեամբ սկսան մարաթոնը առաւօտեան ժամը 6:30-ին:
Լեւոն Թաշճեան մասնակցեցաւ 42,195 քմ վազքին` 16-րդ անգամն ըլլալով: Ան կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Լեւոն Թաշճեան շրջեցաւ Պէյրութի արուարձանները` Պուրճ Համուտէն անցնելով երկու անգամ: Ան մեծ քաջալերանք գտաւ Պուրճ Համուտի սկաուտներէն եւ գայլիկներէն: Լեւոն Թաշճեան 42,195 քմ վազքը աւարտեց 4 ժամ 5 վայրկեան ժամանակի ընթացքին եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ երրորդ:
Լեւոն Թաշճեան իր մետալն ու յաղթանակը նուիրեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` քոյրերուն եւ եղբայրներուն:



