Երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբերին տեղի ունեցած 2018-ի Պէյրութի միջազգային 16-րդ մարաթոնը ուշագրաւ եւ յատկանշական եղաւ այն իմաստով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 109 տարբեր ազգութիւններէ 48 հազար երկսեռ մասնակցողներ:
Անոր մասնակցեցան նաեւ լիբանանցի շարք մը երեսփոխաններ, որոնց կարգին` Սիմոն Ապի Ռամիա, Սելիմ Աուն եւ ուրիշներ:
Տղոց գլխաւոր մարաթոնի տիտղոսին տիրացաւ մարոքցի Մոհամետ Ռիտա Արապի, իսկ աղջկանց պարագային` եթովպիացի Միտին Արմինու
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, յաջորդաբար 16-րդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 109 տարբեր ազգութիւններէ 48 հազար երկսեռ մասնակիցներ:
Առաւօտեան ժամը 6:30-ին սկսած այս մարաթոնը կայացաւ հանգրուանային ձեւով, տարբեր դասակարգերու մէջ, սկիզբ առնելով Նահատակաց հրապարակէն:
Գլխաւոր մարաթոնին, որուն երկարութիւնն էր 42, 195 քմ, օտարներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեցին մարոքցի Մոհամետ Ռիտա Արապի (2 ժամ 10′ 41″) եւ եթովպիացի Միտին Արմինօ (2 ժամ 29′ 31″)` յաջորդաբար տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն:
Իսկ լիբանանցիներուն մէջ, տղոց պարագային առաջին հանդիսացաւ Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Հիւսէյն Աուատա (2 ժամ 31′ 24″), իսկ աղջկանց պարագային` Նիսրին Նըժէյմ (Ինթըր-Լեպանոն, 3 ժամ 07′ 56″):
Կէս-մարաթոնին առաջին հանդիսացան իրանցի Մոհամետ Մուրատի (տղաք, 1 ժամ 07′ 00″), եւ լիբանանցի Շիրին Նըժէյմ (աղջիկներ, 1 ժամ 20′ 09″):
Ֆիզիքական դժուարութիւն ունեցող հեծելանւորդներուն մէջ առաջին հանդիսացաւ լիբանանցի Ահմետ Ղուլ (տղաք, 1 ժամ 25′ 45″) եւ սլովենիացի Աննա Ուրուզովա (աղջիկներ, 1 ժամ 22′ 52″):
Տեղի ունեցան նաեւ 5 եւ 8 քիլոմեթրի վազքի մրցումներ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ իւրայատուկ մարաթոն մըն ալ, որ եղաւ առանց դասաւորման: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին կիներ, փոքրեր, երիտասարդներ եւ նոյնիսկ մեծեր, տարբեր տեսակի նպատակներ ունենալով, այսինքն` անիկա եղաւ սիրողական մրցում մը:
Այս մարաթոնին աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որ ընթացաւ բաւական տօնական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Լուսանկարները տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ






