
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբերին, Արսենալ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Վուլվզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը (1-1)` մրցումին 86-րդ վայրկեանին:
29 տարեկան Մխիթարեան դաշտ ներկայացած էր 76-րդ վայրկեանին:
Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին, Սիթի 3-1 արդիւնքով յաղթեց Եունայթըտին եւ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ:
Լիվըրփուլ (2-րդ) 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմին, մինչ Չելսի 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էվըրթընի հետ:


