Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին կը սկսի արագ եւ կայծակնային ճատրակի` «Թաթա Սթիլ Չես Ինտիա» մրցաշարքը:
Արագ ճատրակի մրցաշարքին 10 մասնակցողները երկու շրջանով` մինչեւ 11 նոյեմբեր կը մրցին իրարու դէմ:
Կայծակնային մրցաշարքը եւս պիտի կատարուի երկու շրջանով, նոյն մասնակցողներով, 13-14 նոյեմբերին:
Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան առաջին օրը կը մրցի ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի, ապա հնդիկներ Նիհալ Սարինի եւ Վիշվանաթան Անանտի դէմ:
Մասնակիցներուն կարգին են նաեւ` Սերկէյ Քարիաքին (Ռուսիա), Շահրեար Մամետեարով (Ազրպէյճան) եւ ուրիշներ:



