Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց սիւննի անկախ երեսփոխաններ Ապտել Ռահիմ Մըրատը, Քասեմ Հաշեմը, Ատնան Թրապուլսին եւ Ուալիտ Սըքքարիէն, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան լսեց երեսփոխաններուն տեսակէտները եւ յաջորդ կառավարութեան մաս կազմելու անոնց պահանջը:
Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Տար Ֆաթուայի դռները բոլոր լիբանանցիներուն դիմաց բաց են` հաստատելով, որ Տար Ֆաթուա կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ ոչ թէ յաւելեալ բաժանում կը սերմանէ անոնց միջեւ` յորդորելով, որ տարակարծութիւնները պէտք է երկխօսութեան միջոցով լուծել, որովհետեւ երկրին շահերը ամէն բանէ վեր են:
Միւֆթի Տըրիան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուի` մաղթելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ երկրին ու քաղաքացիին բարգաւաճում ու բարօրութիւն կ՛ապահովէ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպումը խորհրդակցական բնոյթ ունէր` հաստատելու համար բոլոր հարցերուն մէջ Տար Ֆաթուայի միացնող դերակատարութիւնը:
Հաշեմ շեշտեց, որ իրենք միշտ զիրար կ՛ամբողջացնեն` երկրին գերագոյն շահերը իրականացնելու նպատակով:
Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ միւֆթի Տըրիանի կեցուածքները յստակ են կառավարութեան կազմութեան եւ երկրին տնտեսական կացութեան հարցով` աւելցնելով, որ հանրապետութեան միւֆթին կը փափաքի կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին տնտեսական իրավիճակն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Մաշնուք շեշտեց, որ Տար Ֆաթուա բաց է բոլորին դիմաց, ըլլան անոնք իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր քաղաքական ուժեր:
Մաշնուք նշեց, որ միւֆթի Տըրիան մեծ վստահութիւն ունի վարչապետ Սաատ Հարիրիի` կառավարութիւն կազմելու կարողութեան վրայ:
Ան նշեց, որ Տար Ֆաթուան սիւննի համայնքին խիղճն է` աւելցնելով, որ կարգ մը երեսփոխաններ սխալ դուռ օգտագործած են իրենց պահանջը ներկայացնելու իմաստով: «Անոնք ներքին մուտքը օգտագործելու փոխարէն արտաքինը օգտագործած են, եւ արտաքին դռնէն մուտքը անյարմար էր այս պարագային», ըսաւ ան:
Մաշնուք հաստատեց, որ Հարիրի կառչած կը մնայ վարչապետի պաշտօնին:
Նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան պատասխանատուն վարչապետ Սաատ Հարիրին է: Պլոքը նշեց նաեւ, որ քաղաքական կեանքին մաս կազմող որեւէ բաղադրիչի մասնակցութեան մերժումը ազգային շահերուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքներուն չի ծառայեր:
ՄԻՒՍ կողմէ, Տար Ֆաթուա երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնը այս տարի կը զուգադիպի երեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, եւ այս առիթով հանրապետութեան միւֆթիին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն:



