ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ յայտնեց, որ Լիթանիի շուրջ գտնուող 79 գործարաններ փակելու հրամանագիր հրապարակած է` նկատի ունենալով, որ Լիթանի գետին շուրջ գտնուող այդ գործարանները առանց արտօնագիրի կը գործեն: Հաժ Հասան աւելցուց, որ իրենք կը միտին արտօնագիր ունեցող 72 գործարան եւս փակել, եթէ անոնք իրենց իրավիճակը չբարելաւեն` կենսոլորտին հասցուցած իրենց վնասները կասեցնելու առումով:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Զինկ Ուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ուի Խալիլին յայտնեց Չինաստանի պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու Լիբանանի կառավարութեան ծրագիրներու գործադրութեան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին վրայ: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Հարիրի կրնայ յանգիլ այնպիսի լուծման, որուն հիման վրայ Խորհրդակցական հանդիպումի սիւննիական պլոքը ներկայացուի կառավարութեան մէջ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յոյս յայտնեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները Լիբանանի վրայ իրենց ազդեցութիւնը չունենան: Սաատ կոչ ուղղեց կառավարութիւնը արագօրէն կազմելու:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հաստատեց, որ այս կամ այն քաղաքական հոսանքը չի կրնար սիւննիական ներկայացուցչութեան մենաշնորհը ունենալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզ մեկնած է ոչ թէ անոր համար, որ ան կը փափաքի իր պաշտօնէն հրաժարիլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն ելեկտրականութիւն ապահովելու, ինչպէս որ խոստացած են: Ան հաստատեց, որ ելեկտրականութիւն ապահովելու պարագային ելեկտրածին շարժակներու դրութեան կարիք չի մնար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ի վերջոյ Հըզպալլա իր առաջնահերթութիւնը պիտի դարձնէ Լիբանանը եւ նպաստէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկը հանգուցալուծելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցը միայն վարչապետ Սաատ Հարիրին կրնայ լուծել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի ընդգծեց, որ Հըզպալլա սիւննիական ներկայացուցչութեան իրաւունքն ու կառավարութեան կազմութիւնը պատանդ առած է` շրջանային շահեր ապահովելու նպատակով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Այն Տարայի քաղաքապետը Շուֆի շրջանին հաշուոյն ոճիր մըն է, որ կը գործէ` հարց տալով, որ արդեօք դատական իշխանութիւնները այդ իմաստով քայլերու պիտի դիմե՞ն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին դերակատարութիւնը կը դրսեւորուի կառավարութեան կազմութեան օժանդակելով եւ ոչ թէ զոհողութիւններ եւ զիջումներ կատարելով: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքը կը մնայ նոյնը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահութեան մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չի միտիր վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ ճնշում բանեցնել` Մարտ 8-ի սիւննիները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու առումով:


