«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի կ՛ունենայ Արսենալ – Սփորթինկ Լիզպոն մրցումը: Երկու խումբերն ալ մաս կը կազմեն Ե. խմբակին:
Արսենալ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը:
Իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային Արսենալ պիտի ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` իբրեւ խմբակին առաջինը:
Մխիթարեանի անունը նշուած է հիմնական կազմին մէջ:



