Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան յայտարարեց, թէ Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեան ուզած է հանդէս գալ Հայաստանի հաւաքականին հետ:
«Մենք հարց ունինք արտասահմանի մէջ բնակող հայ մարմնամարզիկներուն գծով: Երբ անոնք Հայաստանի քաղաքացի կը դառնան եւ անձնագիր կը ստանան, անոնց կ՛ըսուի, թէ պէտք է բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարեն:
«Օրինակ, Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեան ուզեց միանալ մեր հաւաքականին, բայց ծառայութեան հարցը խանգարեց ամէն ինչ: Շատ բնական է, որ ոչ ոք պիտի ուզէ զինուորական ծառայութիւն կատարել», ըսաւ Սերոբեան:
Վերջերս Տոհայի մէջ (Քաթար) աւարտած աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, 19 տարեկան Դալալոյեան տիրացաւ 2 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալի:



