«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս մրցումներ:

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, որ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը, արձանագրեց 118-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սի. Ճէյ. Մաքքոլում նշանակեց 40 կէտ:
Երէկուան չորս մրցումներուն ալ հիւրընկալ կազմերը յաղթանակ արձանագրեցին:
Շարլոթ Հոռնեթց յաղթեց Աթլանթա Հոքսին (113-102), Տալաս Մավըրիքս` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին (119-100), իսկ Պրուքլին Նեթց` Ֆէոնիքս Սանզին (104-82):
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Օքլահոմա Սիթի
Օրլանտօ Մեճիք – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Եորք Նիքս
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց
Նիւ Օրլինզ – Շիքակօ Պուլզ
Եութա Ճեզ – Տալաս Մավըրիքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ


