Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ, ֆրանսական մարզական «Լ՛էքիփ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ֆրանսական Մոնաքօ խումբի սեփականատէրը Տմիթրի Ռիպոլովլեւ ձերբակալուեցաւ:
Յայտարարուեցաւ, որ այդ ձերբակալութիւնը կապուած է «ֆութպոլ-լիքս»-ի հետաքննութեան հետ, որուն ծիրին մէջ ան կը մեղադրուի նիւթական ֆեր-փլէյը խախտած ըլլալու յանցանքով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ռիպոլովլեւ Ռուսիոյ ամէնէն հարուստ 20 անձերու ցանկին մէջ է:



