Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Մեր Վիճակը Բարդ Է. Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Ճնշումները Հայաստանի Վրայ` Իրանի Հարցով»

November 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ 7 նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով Իրանի դէմ ճշդուած վերջին պատժամիջոցներուն, ըսաւ. «Իրանի  իրավիճակը շատ մտահոգիչ է: Կը կարծեմ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումները պիտի շարունակուին, որպէսզի Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասնին: Միացեալ Նահանգներ այդպէս որոշած են, իսկ թէ ատիկա որքանո՞վ արդար է, այլ հարց է: Օրինակ, Եւրոպական Միութիւնը չի կիսեր ամերիկեան այս մօտեցումը, ինչ որ կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ առանձինն տուած են այդ որոշումը` ինչ-ինչ հաշիւներէ մեկնած»:

Անոր համաձայն, արդէն իսկ տեսանք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդականին շրջան այցելութեան նպատակներէն մէկն ալ շրջանի երկիրները զգուշացնելն էր, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի:

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանը չի կրնար միեւնոյն ատեն գոհացնել Միացեալ Նահանգները եւ շարունակել յարաբերութիւնները Իրանի հետ. «Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը կարեւոր դեր ունի եւ իշխանութեան պէտք է բացատրէ, որ Հայաստան այլընտրանքներ չունի շրջանին մէջ: Մենք Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները պիտի շարունակենք: Պարզ է, որ Հայաստան միշտ աշխատած է արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ չդիմել այնպիսի քայլի, որ որեւէ մէկուն դէմ ուղղուած ըլլայ: Այդ մօտեցումը պէտք է գոհացնէ Միացեալ Նահանգները: Իսկապէս բարդ է մեր վիճակը, ուստի պէտք է սերտացնել տնտեսական յարաբերութիւնները Իրանի հետ, իսկ Միացեալ Նահանգներու հետ բացատրական աշխատանք պէտք է տանիլ: Նախագահ Թրամփ պէտք է հասկնայ, որ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները ամերիկեան շահերուն դէմ ուղղուած չեն», ըսաւ Մանոյեան:

Խօսելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ Հայաստան-Իրան սահմանը կրնայ գործնականապէս փակուիլ` Մանոյեան ըսաւ, որ այնքան ալ չէ հասկցած Փաշինեանի ըսածը: «Չեմ կարծեր, թէ Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու առկայութեան պարագային նման բան կարելի է»:

«Կը կիսեմ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մօտեցումը, որ Հայաստան պէտք է շարունակէ պաշտօնավարել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ, բայց վստահ չեմ, որ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամները համակարծիք են` յատկապէս այն վերաբերումին պատճառով, զոր մենք ցուցաբերեցինք ՀԱՊԿ-ի հանդէպ: Եուրի Խաչատուրովը կալանաւորել, մեղադրանք առաջադրել` առանց համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներու: Ատիկա ընկալուեցաւ իբրեւ ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ վիրաւորանք», ըսաւ Մանոյեան` անդրադառնալով այն փաստին, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի լիազօրութիւնները դադրեցուած են, իսկ յաջորդ հաւանական թեկնածուն Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչն է: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն լուրերը, թէ Ազրպէյճան կը յաւակնի ՀԱՊԿ-ի անդամ դառնալ` յիշեցնելով, որ նման բան կարելի չէ, որովհետեւ Հայաստան առարկելու իրաւունք ունի: «Ազրպէյճան միշտ ալ կրնայ նման փորձեր կատարել` պարզապէս Հայաստանը անհանգստացնելու նպատակով: Ռուսիան ալ, եթէ ոչ ՀԱՊԿ-ի այլ անդամներ եւս, շահագրգռուած պիտի ըլլայ փորձել ցոյց տալ Ազրպէյճանին, որ ան կրնայ դառնալ ՀԱՊԿ-ի անդամ»:

Այս կեցուածքին նպատակը, ըստ Կ. Մանոյեանի, Ազրպէյճանին` ռուսական որոշ շահերուն ի նպաստ քուէարկելն է. «Համոզուած եմ` քանի դեռ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ է, Ազրպէյճան չի կրնար անդամակցիլ կառոյցին: Ան ուղղակի սպառնալիք է մեզի համար, ինչպէ՞ս կրնայ դառնալ անվտանգութեան առնչուող ՀԱՊԿ-ի պէս կառոյցի անդամ»:

«Երկիր»-ի լրագրողը Մանոյեանին հարցուց, թէ արդեօք Իրանի քաղաքականութիւնը փոխուա՞ծ է Հայաստանի նկատմամբ` նկատի առնելով 30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ երեք երկիրներու` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումն ու միացեալ յայտարարութիւնը: Մանոյեան պատասխանեց, որ երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան մէջ խօսք չկայ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին մասին. «Առաջին անգամը չէ, որ Իրան կողմ քուէարկած է Ղարաբաղի մօտեցումներուն կամ Արցախի շահերուն դէմ բանաձեւին, բայց ատիկա իրականութեան մէջ չէ դրսեւորուած Իրանի քաղաքականութեան մէջ: Այս պահուն այլ մտահոգութիւն կայ` ոչ թէ Իրանը` իբրեւ պետութիւն, իր կեցուածքը փոխած է, այլ Իրանի մէջ գոյութիւն ունին խմորումներ, որոնք առնուազն պէտք է մտահոգեն մեզ: Իրանի մէջ այսօր միայն փանթուրանականները չեն, որ սկսած են խօսիլ Ղարաբաղի տագնապին, իրաւունքներուն դէմ` փորձելով պաշտպանել Ազրպէյճանը: Ասիկա կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով, եւ որքան ալ իշխանութիւններուն մէկ թեւը փորձէ առաջքը առնել նման նախաձեռնութիւններու, այդ խմորումները փաստօրէն գոյութիւն ունին Իրանի մէջ»:

Մանոյեանի համաձայն, այդ խմորումներուն առկայութեան պատճառներէն մէկն ալ կրնայ ըլլալ այն, որ այդ խմորումներուն միջոցով ոմանք կը փափաքին Իրանի կառավարման համակարգին մէջ սիրաշահիլ Ազրպէյճանը, սակայն սա չի կրնար իրականանալ: Ըստ Մանոյեանի, Իրանի համար այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներուն հետ ալ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի, Ազրպէյճանը սիրաշահիլը տրամաբանական չէ: «Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը Իրանի շահերուն դէմ է, անոր համար ալ Իրանի կողմէ նման որեւէ քայլ չի կրնար այնքան շահագրգռել Ազրպէյճանը եւ մղել զինք, որ փոխէ քաղաքական իր ուղղութիւնը: Ազրպէյճան կրնայ ցոյց տալ, որ գոհ է Իրանի նման քայլերէն, բայց Իրանի դէմ իր քաղաքականութիւնը չի փոխուիր: Մեզի համար մտահոգիչը Իրանի մէջ գոյութիւն ունեցող այդ խմորումներն են»:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Իրանի հետ Հայաստանի վարած քաղաքականութեան` յայտնելով, որ չի կարծեր, թէ Հայաստանի կողմէ որեւէ անյստակութիւն գոյութիւն ունի:

Անոր համաձայն, հաւանաբար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները Իրանի իշխանութիւններուն համար այնքան ալ հասկնալի չէին, եւ այդ իմաստով աշխատանքներ ունինք կատարելիք: «Մեր պարագային որոշ յստակացումներու հարց կայ: Պէտք է պարզել, ոչ այնքան մեր ժողովուրդին, որքան մեր գործընկերներուն եւ դրացիներուն, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը ի՛նչ շարունակութիւն կրնայ ունենալ: Անհրաժեշտ է այդ վստահութիւնը ներշնչել մեր դրացիներուն` շեշտելով որ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները չեն նպատակադրեր մեր դրացիներուն եւ գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել: Իսկ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները, առհասարակ, սերտացումէն բացի, այլ ուղղութիւն չեն կրնար ունենալ»:

 

Նախորդը

Արկածի Մը Պատճառով Զոհուած Է 4 Զինուոր

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Արցախի ՀՅԴ Պատասխանատուները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.