«Լիբանանեան ներուժը առողջապահութեան համար» խորհրդաժողովին բացման հանդիսութեան ընթացքին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ առողջապահութեան հարցը ընդհանուրին անհրաժեշտութիւն է եւ անոր մասին խօսիլը անիմաստ է, եթէ պիտի չծառայէ մարդոց վիճակին բարելաւման` աւելցնելով, որ առողջապահութիւնը պետութեան, քաղաքացիին եւ սեփական մարզին, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան հատուածին պատասխանատուութիւնն է:
Պասիլ ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ առողջապահական ծառայութիւնները կը տարբերին մէկ հիւանդանոցէն միւս հիւանդանոցին եւ մէկ շրջանէն միւս շրջանին միջեւ: «Մենք մեր ձայնը բարձրացուցինք կառավարութեան մէջ` սրբագրելու համար քաղաքական անհաւասարակշռութիւնը, սակայն մեր կոչերը անպատասխան մնացին», նշեց ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ «առողջապահական քարտերու օրէնքը խորհրդարանի առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Օրէնքին յօդուածներուն մեծամասնութիւնը ընդունուեցաւ ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու յանձնախումբին կողմէ. յոյսով ենք, որ մնացեալ յօդուածները ընդունուին անհրաժեշտ ֆինանսաւորումով»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի ընտրութեան առիթով Պասիլ յայտարարեց, թէ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցածը ապացոյց է հոսանքին տեսլականին եւ կեցուածքներուն ճշգրտութեան: Այսօր բոլորը կը վերադառնան չափանիշներու գաղափարին, իսկ Ազգային ազատ հոսանքը զօրաւոր է, մինչ յառաջիկայ չորս տարիներուն մարտահրաւէրները` մեծ: Պասիլ դիտել տուաւ, որ կարեւոր է հոսանքին ներքին դրուածքին ամրութիւնը, որպէսզի կարենան դիմագրաւել արտաքին խնդիրները:
Պասիլ նշեց, որ հոսանքին հիմնական սիւներէն մէկը անոր ժողովրդավարական ըլլալն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ որեւէ այլ կուսակցութիւն կամ հոսանք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նման ժողովրդավարութիւն չի վայելեր: «Ազգային ազատ հոսանքը իրարմէ զատած է գործադիր, վերահսկող եւ օրէնսդիր մարմինները, եւ այս ժողովրդավարութեան չափանիշ է», ըսաւ ան:



