Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐԻ ՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԾՈՎԱՓԻՆ ՄՕՏԵՑՆԵԼՈՒ ՔԱՅԼԸ. ՊԱՅՏԸՆ ԿԸ ԳՈՎԱԲԱՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ԻՍԿԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

December 3, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց` իշխանութենէն հեռանալու եւ գովաբանեց Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը եւ իր հողերուն վրայ սուրիացի այլախոհներ հիւրընկալելու վերջինիս քայլը:

Պայտըն ըսաւ, որ «Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքը յստակ է: Սուրիական վարչակարգը անպայման պէտք է դադրեցնէ իր ժողովուրդի ճնշումը, իսկ նախագահ Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը կարեւոր է, ուստի փոփոխութեան արձանագրութեան վրայ կը պնդենք»:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը գովաբանեց Թուրքիոյ «իսկական ղեկավարութիւնը»` ըսելով, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի` վերջերս իր ժողովուրդին հետ վարչակարգին վարուելակերպին պատճառով Ասատին հեռանալու կոչ ուղղելը կ՛երկրորդեմ, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու թուրք ղեկավարներուն միջազգային ընտանիքին ուղղած կոչը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ «սուրիական ծովափին մօտ ամերիկեան մարտանաւեր ուղարկելը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելուն չ՛օժանդակեր»: Ան այդ քայլը «ժխտական որոշում» մը նկատեց:

Ըստ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած մէկ զեկուցումին, Լուքաշեւիչ նշեց, որ «ամերիկեան միջոցառումները լարուածութեան նոր ազդակներ կ՛աւելցնեն»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս հաստատած էր, որ ամերիկեան «Ճորճ Էյչ Պուշ» օդանաւակիրը Միջերկրական ծովուն մէջ կը գտնուի, սակայն առանց ճշդելու անոր ճիշդ վայրը: Նշեալ օդանաւակիրը 21 նոյեմբերին Սուէզի ջրանցքէն անցած էր:

Նշենք, որ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական դիւանագիտական-զինուորական աղբիւր մը յայտնած է, որ Ռուսիա Սուրիոյ յանձնած է «Պասթիոն» տիպի ցամաք-ծով շարժուն համակարգեր, որոնք օժտուած են ձայնի արագութենէն արագ եղող հակամարտանաւային «Եախունթ» հրթիռներով: Աղբիւրը նշած է, որ այս համակարգը Սուրիոյ ծովափերը կը պաշտպանէ ծովէն եկող հաւանական յարձակումներէ: ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գործակալութեան մօտ Ռուսիոյ պատուիրակը երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ «գոյութիւն ունին արտաքին ուժեր, որոնք շրջանի կայունութիւնը քայքայելու նպատակով` Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կը հրահրեն»:

Սուրիացի ընդդիմադիրներու կազմած Սուրիոյ ազգային խորհուրդի ղեկավար Պուրհան Ղալիուն ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած խորհուրդը իշխանութեան հասնելէ անմիջապէս ետք Իրանի, Հըզպալլայի եւ Համասի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները պիտի խզէ: «Իրանի հետ իւրայատուկ յարաբերութիւններ պիտի չըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «արտակարգ յարաբերութեանց խզումը զինուորական ռազմավարական դաշնակցութեան խզում կը նշանակէ»:

Ան կոչ ուղղեց սուրիացի ընդդիմադիրներուն տրամադրելու միջազգային ուժեղ զօրակցութիւն, ներառեալ` Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատում: Ղալիուն ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը յանձնառու կը մնայ Իսրայէլի կողմէ 1967-ին բռնագրաւուած Կոլանի վերատիրացման, սակայն այդ մէկը պիտի կատարէ բանակցութեան եւ ոչ թէ զինեալ պայքարի ճամբով: Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութիւնը իր երէկուան միջոցառումները կոչած էր «Ապահովական գօտին մեր պահանջն է»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ հաղորդած է, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա վերջին շաբաթներուն սկսած են պատրաստել ծրագիր մը, ըստ որուն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութիւնը կը փոխանցէ այլ անձի մը եւ փոխարէնը Ռուսիոյ մէջ «հանգստաւէտ աքսոր»-ի կը մեկնի: Ըստ օրաթերթին, այս ծրագիրը հիմնուած է տագնապի լուծման եմենեան տարբերակին վրայ:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու նոր շարք մը կը պատրաստէ: Իսկ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ թրքական ղեկավարութիւնը յանձնառու պիտի դառնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուելիք որոշումներուն, եթէ սուրիական թղթածրարը միջազգայնանայ:

Հիւրմիւզլիւ ընդգծեց, որ Անգարա «սուրիական տագնապի լուծման հասնելու յոյսը կորսնցուցած է եւ այս հարցով Արաբական լիկային հետ կապի մէջ է»: Ան դարձեալ նշեց, որ Անգարա սուրիական տագնապին զինուորական լուծում մը չ՛ուզեր, իսկ ապահովական գօտի ստեղծելու գաղափարը մարդասիրական բնոյթ պիտի ունենայ եւ ոչ թէ զինուորական:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Արաբական լիկային եւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հարցով Եւրոպական Միութեան կատարելիքը սահմանափակ է: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ իր կարգին «Սաֆիր»-ին յայտնեց, որ «Այնքան ատեն որ վարչակարգը իր տեղն է, սուրիական տագնապի թղթածրարին մէջ մեր կատարելիքին շուրջ յստակ կաշկանդումներ եւ սահմաններ գոյութիւն ունին»:

 

 

 

Նախորդը

«ԵՒՐՈՊԱ ԿՐՆԱՅ ՊԻՒՏՃԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵՐՔԵԼ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ` ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։