Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Լիբանան Պիտի Չընդունի Իր Անկախութիւնն Ու Ինքնիշխանութիւնը Հարուածող Որեւէ Քայլ»

October 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ Լիբանան հաւատարիմ է «Սետր» միջազգային խորհրդաժողովին որոշումներուն` զուգահեռաբար հրաժարեալ կառավարութեան առաջադրած տնտեսական զարթօնքի ծրագիրին, որոնք կը միտին երկրին մէջ վերակենդանացնել արտադրողական մարզերը:

Աուն այս հաստատումը կատարեց երէկ Պաապտայի պալատին մէջ Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Ֆրանսայի ազգային միութեան ու ծերակոյտի պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ֆրանսայի ազգային միութեան արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Մարիէլ Տը Սարնեզը եւ ծերակոյտի արտաքին հարցերու եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Քրիստիան Քամպոնը: Պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան նպատակն է ծանօթացման հանդիպումներ կատարել, Լիբանանի խորհրդարանի անդամներուն իրենց զօրակցութիւնը յայտնել եւ տարբեր մարզերու մէջ իրենց նեցուկը դրսեւորել:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշեր:

Իրեն ուղղուած պարզաբանումներուն պատասխանելով` զօր. Աուն ընդգծեց Լիբանան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, անոնց զարգացումը տարբեր ոլորտներու մէջ եւ լուսարձակի տակ առաւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման համար ՖԻՒՆԻԼ-ի առաքելութեան մէջ ֆրանսական բանակին դերակատարութիւնը:

Խօսելով սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած իրավիճակին մասին` զօր. Աուն պատուիրակութեան տեղեկացուց, որ Լիբանան 2011 թուականէն ի վեր կը հիւրընկալէ սուրիացի գաղթականներ, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է երկրին տնտեսական, ապահովական, բնապահպանման եւ ընկերային իրավիճակներուն վրայ: Ներկայիս, Սուրիոյ բազմաթիւ շրջաններու մէջ կացութեան հանդարտեցումէն ետք, Լիբանան աշխատանք կը տանի սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը կազմակերպել հեզասահ կերպով: Նախագահը յայտնեց, որ գաղթականներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայրենիքէն բռնի տեղահանութեան ենթարկուած է պատերազմին իբրեւ հետեւանք եւ, բնական է, որ հայրենիք վերադառնայ. ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ անոնց ցուցաբերած զանազան օգնութիւնները պիտի քաջալերեն վերադարձը: Նախագահը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար ձեռնածալ սպասել Սուրիոյ մէջ քաղաքական համաձայնութեան մը կնքուելուն, որպէսզի սուրիացի գաղթականները վերադառնան իրենց տուները, ու յիշեցուց պաղեստինեան փորձառութիւնը` դիտել տալով, որ տագնապէն 70 տարիներ անց տակաւին չէ իրականացած քաղաքական կայունութիւն, իսկ պաղեստինցի գաղթականներուն քաղաքացիութեան շնորհումը կը մնայ վախ եւ անորոշութիւն յառաջացնող օրակարգ:

Նախագահ զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան` բան մը, որ միջազգային ընտանիքին ծանօթ դարձաւ միջազգային եւ տարածաշրջանային ֆորումներու մէջ անոր ունեցած կեցուածքներուն ընդմէջէն: «Չենք ընդունիր Լիբանանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը հարուածող որեւէ քայլ. ինչպէս, որ մենք կը յարգենք բոլոր պետութիւններուն անկախութիւնը, կ՛ակնկալենք, որ նոյն ձեւով յարգուի մեր անկախութիւնը», ըսաւ ան: Նախագահը նշեց, որ Լիբանան եւ իր ժողովուրդը խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կ՛ուզեն, մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ, հակառակելով միջազգային պետութիւններու որոշումներուն, Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը հարուածել, եւ, աւելին, պաղեստինցիներուն դէմ ոտնձգութիւններ կիրարկել, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ Միջին Արեւելքի մէջ արդար, մնայուն եւ ամբողջական լուծումներու հասնելու:

Դիւանագիտական հանդիպումներու շարքին, զօր. Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պիրկիլինը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակն ու վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան- Գերմանիա յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու միջոցները:

Նախագահը ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Իսամ Խուրին:

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռին կատարած յայտարարութեան ընթացքին եւ ակնարկելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, նախագահ Աուն հաղորդեց, որ բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է կառավարութեան կազմութեան համար:

Այլ ծիրի մէջ, զօր. Աուն հեռագիր յղեց Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.ին` ցաւակցութիւն յայտնելով Մեռեալ ծովուն ջուրի ուժգին հոսանքին իբրեւ հետեւանք արձանագրուած զոհերուն համար:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ «Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութիւնը Բոլորին Համար» Ծրագիրի Փակման Նիստին

Յաջորդը

Զախարովա Կը Հերքէ Մատրիտեան Սկզբունքները Փոխելու Մասին Տեղեկատուութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.