Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ «Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութիւնը Բոլորին Համար» Ծրագիրի Փակման Նիստին

October 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ներկայ գտնուեցաւ «Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը բոլորին համար» ծրագիրին փակման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ «Ներառական զբօսաշրջութեան ազգային Բ. խորհրդաժողովին» ընթացքին: Սոյն ծրագիրը Լիբանանի հաշմանդամներու միութեան եւ Եւրոպական միութեան ներառական զբօսաշրջութեան ցանցին համագործակցութեան արդիւնքն է, որ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ կ՛իյնայ «Գաղափարներ 3» ծրագիրին ծիրին մէջ, նաեւ կը տնօրինուի վարչական բարեկարգումի պետական նախարարութեան գրասենեակին կողմէ: Հանդիսութիւնը հովանաւորեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարարութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ` առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ երկրագործութեան բաժանմունքէն, զբօսաշրջութեան սենտիքաներէն, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութենէն, դրամատնային, մասնաւոր հատուածի եւ գործարարներու ոլորտներէն, ինչպէս նաեւ ծրագիրին աջակից քաղաքապետարաններ, միջազգային եւ տեղական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, քաղաքացիական հասարակութենէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հաշմանդամներու միութեան նախագահ Սիլվանա Լաքիս, որ լուսարձակի տակ առաւ վերջին երկու տարիներուն տարբեր ոլորտներու հետ համագործակցաբար ներառական զբօսաշրջութեան ձեւ ու կերպարանք առնելը, եւ վեր առաւ նախարարներ Կիտանեանի եւ Իզզէտտինի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի, Պաալպէքի, Սուրի եւ Շուֆի Արզ արգելոցներուն ներդրումը այս գործին իրականացման: Ան յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրը օրինակ կը դառնայ բոլոր լիբանանցիներուն, ու վերջ կը տրուի Լիբանանի բարգաւաճումը արգիլող բոլոր խոչընդոտներուն:

Եւրոպական միութեան ներառական զբօսաշրջութեան ցանցին նախագահ Կրացիա Լորա խօսեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ ներառական զբօսաշրջութեան գաղափարը ներմուծելու եւ կիրարկելու փորձառութեան մասին ու յայտնեց տեղական համագործակցութիւններուն կարեւորութեան մասին: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ ծրագիրին յաջողութեան համար եւ նշեց, որ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ այս գծով ռահվիրա էր Լիբանանը:

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիբանանի հաշմանդամներու միութեան` տուեալ նախաձեռնութեան համար, որ ճամբայ ելած էր յունուար 2017-էն սկսեալ եւ մեկնարկը հանդիսացած Պէյրութի մէջ ներառական զբօսաշրջութեան. «Այն հասկացողութիւնները, որոնց առնչութեամբ աշխատեցաւ ծրագիրը, պարարտ հող են ներառական զբօսաշրջութեան իրականացման, մանաւանդ զբօսաշրջութեան սենտիքաներուն ճամբով, յօգուտ զբօսաշրջական մարզին եւ հաշմանդամ ու ոչ հաշմանդամ մարդոց», ըսաւ ան: Ան խոստացաւ շարունակել այս գործը, եթէ շարունակէ նախարարի պաշտօնը վարել, սակայն հակառակ պարագային, ատիկա յաջորդող նախարարին օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ, ըսաւ նախարար Կիտանեան` նշելով, որ, ըստ 2017-ի զբօսաշրջութեան վիճակագրութիւններուն, Լիբանան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ հսկայ ոստում մը կատարելով գրաւեց 150 երկիրներուն մէջ 32-րդ դիրքը. նախարարը մաղթեց նորանոր յառաջդիմութիւն այս մարզին մէջ:

Խօսք առաւ նաեւ նախարար Ինայա Էզզիտտին: Ան լուսարձակի տակ առաւ առաջին հերթին հաշմանդամներու դիմելուն ժամանակ օգտագործուած բառամթերքին փոփոխութիւնը եւ ըսաւ, որ նոր սահմանումը շեշտը կը դնէ ֆիզիքական անկարողութեան վրայ, ինչ որ հեռու կը պահէ անհատը ժխտական դատողական նայուածքներէ: Ան բացատրեց, որ այս փոփոխութիւնը մէկ օրէն միւսը տեղի չէ ունեցած, այլ երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի եւ պայքարի արդիւնք է: Նախարար Էզզէտտին ըսաւ, որ այս ծրագիրը մարդու իրաւունքները յարգող, զայն ընկերութեան մէջ ներառող, մարդոց միջեւ խտրութիւնը կասեցնող ծրագիր է:

Յաջորդիւ, Լիբանանի հաշմանդամներու միութեան գործադիր տնօրէն Հանին Շիմալի խօսք առաւ ու ներկայացուց ծրագիրին վերջին երկու տարիներու ձեռբերումները` ըսելով, որ 12 հաստատութիւններ որդեգրած են ներառական քաղաքականութիւնը եւ շարք մը հաստատութիւններ հաշմանդամ անհատներու գործի առիթներ ներկայացուցած են:

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ երկու նիստով, ուր ներկայացուեցան ծրագիրին յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները:

 

Նախորդը

Սաատ Հարիրի Կը Շարունակէ Քննարկել Կառավարութեան Կազմութիւնը

Յաջորդը

Աուն. «Լիբանան Պիտի Չընդունի Իր Անկախութիւնն Ու Ինքնիշխանութիւնը Հարուածող Որեւէ Քայլ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.