Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Սուրիոյ հակամարտութեան լուծման շուրջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարներու այսօր նախատեսուած հանդիպումը պիտի դառնայ փորձել փնտռելու-գտնելու երկիրներու համար ընդհանուր թեմաները արաբական երկիրի ճգնաժամի ծիրին մէջ»:
«Ատիկա առաջին հանդիպումն է այդ ձեւաչափով: Ֆրանսան եւ Գերմանիան սուրիական խնդիրի քննարկման մասնակցած են այլ ձեւաչափով, այժմ խօսքը կը վերաբերի տարբեր ձեւաչափերու համատեղման, դիրքորոշումներու համեմատման` քննարկման ընդհանուր թեմաները փնտռել-գտնել փորձելու համար», ըսած է Փեսքով:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարները վեհաժողովի աւարտին միացեալ յայտարարութիւն պիտի կատարեն Պոլսոյ մէջ Սուրիոյ նուիրուած վեհաժողովի արդիւնքներուն վերաբերեալ:



