Երէկ «ՖԻՖԱ»-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի միջազգային նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` մէկ դիրք նահանջելով, այժմ կը գրաւէ 101-րդ դիրք:
Նշենք, որ հոկտեմբերին Արմէն Գյուլբուդաղեանցի գլխաւորած կազմը, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ճիպրալթարէն եւ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Մակեդոնիոյ:
Նշենք, որ Ճիպրալթար Հայաստանի եւ Լիխթնշթայնի դէմ իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ 8 դիրք յառաջդիմելով, բարձրացաւ 190-րդ դիրք:



