Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց. «Իսրայէլ Սուրիոյ կամ որեւէ այլ վայրի դէմ իր յարձակումները սահմանափակող որեւէ քայլ պիտի չընդունի»:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լիպըրման այդ յայտարարութիւնը կատարած է մեկնաբանելով այն տեղեկութիւնը, թէ Ռուսիան պահանջած է, որ իսրայէլեան բանակը Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական գործողութիւն կատարելէ առաջ նախազգուշացնէ Մոսկուան:



