Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անգարա Խաշոկճիի Սպանութեան Հարցը Միջազգային Դատարան Տանելու Նպատակ Չունի Սակայն…» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

October 26, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց, որ Անգարա սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցը միջազգային դատարան տանելու նպատակ չունի, սակայն հարկ եղած տեղեկութիւնները դատարանին պիտի տրամադրէ, եթէ վերջինս որոշէ այդ հարցին շուրջ հետաքննութիւն կատարել:

Չաւուշօղլու Ռիատին վերստին կոչ ուղղեց` բացայայտելու Խաշոկճիի սպանութեան հրաման տուած կողմը:

Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ Սէուտ Մուաժիպ յայտարարեց, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը կանխամտածուած էր: Ան յայտնեց, որ այդ եզրակացութիւնը հիմնուած է Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններու տրամադրած տեղեկութիւններուն վրայ:

Մուաժիպ աւելցուց, որ իրենք պիտի շարունակեն աշխատիլ մինչեւ սպանութեան ամբողջական բացայայտումը:

«Մայատին» հաղորդեց, որ Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութիւնը աւարտած է Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանի 38 պաշտօնեաներու վկայութիւններու լսումը: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը հիւպատոսարանի հորէն նմուշներ վերցուցած է քննութեան համար: Նշենք, որ հաղորդուած էր, որ Խաշոկճիի դիակին մէկ բաժինը այդտեղ նետուած է: Սէուտական իշխանութիւնները մերժած էին թրքական ոստիկանութեան կողմէ հորի խուզարկումը արտօնել:

Միւս կողմէ` թրքական աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճինա Հասփըլ Պոլիս տուած իր այցելութեան ընթացքին ունկնդրած է Խաշոկճիի չարչարանքներուն ձայնագրութիւնը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ գիշեր հանդիպում ունեցաւ Հասփըլի հետ` ծանօթանալու համար Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ թուրքերէն ստացած անոր տեղեկութիւններուն:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորը պէտք է օգնէ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններու բացայայտման»:

«Սէուտցի թագաւորին ու անոր վարչակազմին բարեկամական զգուշացում մը կ՛ուղղեմ` նկատի ունենալով իսլամական աշխարհին նկատմամբ անոնց ունեցած մեծ պատասխանատուութիւնը», աւելցուց Քուրթուլմուշ:

 

 

Նախորդը

«Հարաւային Կովկասը, Մասնաւորաբար Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու Համար Ռազմավարական Տեսանկիւնէն Չափազանց Կարեւոր Են» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Յաջորդը

Լիպըրման. «Իսրայէլ Սուրիոյ Կամ Որեւէ Այլ Վայրի Դէմ Յարձակումի Սահմանափակում Պիտի Չընդունի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.