Յայտնի դիւանագէտ Սալհէ-Վորք Չեւտէն դարձած է Եթովպիոյ առաջին կին նախագահը: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են երկիրի վարչապետին գրասենեակէն:
«Խորհրդարանի երկու պալատներն ալ դեսպան Սահլէ-Վորք Զեւտէն ընտրած են Եթովպիոյ յաջորդ նախագահը, ինչ որ պատմական իրադարձութիւն է», թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ գրած է վարչապետի գրասենեակի ղեկավար Ֆիթսում Արեկան:
Մէկ օր առաջ տեղւոյն աղբիւրը յայտնած էր, որ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է նախկին նախագահ Մուլաթու Թեշոմէի հրաժարականին: Ան երկիրը կը ղեկավարէր 2013-էն ի վեր:
Երէկ տեղի ունեցաւ Զեւտէի երդման արարողութիւնը: Ան իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկրին մէջ խաղաղութեան պահպանման եւ կանանց իրաւունքներու համար պայքարի կարեւորութեան:
Ան նախապէս եղած է Եթովպիոյ դեսպան Սենեկալի, Ֆրանսայի եւ Ճիպութիի մէջ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօններ վարած ՄԱԿ-ի մէջ:
Երկրի սահմանադրութեան համաձայն, նախագահին նստաշրջանը 6 տարի է:



