Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ռումբեր Ուղարկողները Պիտի Բացայայտուին»

October 26, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւաստիացուցած է, որ իրաւապահ մարմինները պիտի բացայայտեն շարք մը ականաւոր մարդոց հասցէներով ռումբ պարունակող ծրարները ուղարկողները եւ նոյն ատեն մամուլը յորդորած է` «վերջ տալ Սպիտակ տան դէմ թշնամական անսահման կեցուածքին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Ռումբ պարունակող թղթածրարները հասցէագրուած են Դեմոկրատական կուսակցութեան յայտնի գործիչներուն եւ մեծ ճանաչում ունեցող այլ մարդոց, որոնք ծանօթ են իբրեւ նախագահ Թրամփի քաղաքականութեան խիստ քննադատներ:

Յանցագործները բացայայտել խոստանալով` Թրամփ նաեւ կոչ ուղղած է` «վերջ տալ Սպիտակ տունը մնայուն կերպով բացասական երանգներով որակելու եւ սուտ պատմութիւններ տարածելու գործելակերպին»:

Խօսելով ռումբեր պարունակող ծրարներուն մասին` նախագահը ըսած է. «Քաղաքական բռնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղ չունի, եւ կառավարութիւնն ու պատկան մարմինները ամէն ինչ պիտի ընեն ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար, ռումբեր ուղարկողները պիտի բացայայտեն»:

Նշենք, որ այդպիսի ծրարներ հասցէագրուած են նախկին նախագահ Պարաք Օպամային, նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընին, Հիլըրի Քլինթընին, «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն Ճոն Պրենընի, «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին, դեմոկրատական քոնկրեսական Մաքսին Ուոթըրզին, արդարադատութեան նախկին նախարար Էրիք Հոլտըրին, միլիառատէր Ճորճ Սորոսին, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ աշխարհահռչակ դերասան Ռապըրթ տը Նիրոյին պատկանող ճաշարանի մը:

Ծրարները չեն պայթած, եւ վերոնշեալ անձերէն ոեւէ մէկը չեն վնասուած: Իրաւապահ մարմիններու մասնագէտները վնասազերծած են զանոնք: «Էֆ.Պի.Այ.»-ը կ՛որոնէ չարագործները:

Թրամփի քննադատները կ՛ըսեն, թէ երկրին մէջ բռնութիւնը կը խթանուի ինքնին նախագահին յարձակողական հռետորաբանութեան եւ մամուլը պիտակաւորելու գործելակերպին պատճառով:

«Սպիտակ տունը բացարձակապէս չ՛ըմբռներ լրատուամիջոցներուն դէմ յարձակումներու հետեւանքներուն ամբողջ լրջողութիւնը», յայտարարած է «Սի.Էն.Էն.»-ի միջազգային հեռարձակման ծրագիրներու նախագահ Ճեֆ Ցուքըր:

Նախորդը

Ռուսիա Կը Պատրաստուի Ուքրանիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատել

Յաջորդը

Էրտողան Բարկացած Է Թուրքիոյ Դպրոցներուն Մէջ Աշակերտական Երդման Վերականգնումէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.