
Նախանցեալ օր Ա. Էս. Ռոմա – Մոսկուայի բանակայիններ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ներկայ գտնուիլ ուզող աւելի քան 30 ռուս համակիրներ վիրաւորուեցան, երբ մեթրոյի Ռեփիւպլիք կայարանին շարժական-աստիճանները յանկարծ խանգարուեցան եւ ստեղծեցին մեծ խուճապ:
Իտալական մամուլին համաձայն, ասոր պատճառ դարձած են ռուս գինով համակիրները, որոնք ցատկած են շարժական աստիճաններուն վրայ, իսկ անկէ ետք անոնք սկսած են շատ արագ շարժիլ:
Հռոմի մէջ գտնուող ռուսական դեսպանատունը յայտնեց, որ ինք պիտի հոգայ այդ վիրաւորներուն ապաքինման ծախսերը:
Նշենք, որ այս մրցումին իտալական կազմը արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:


