Յառաջիկայ 27 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբերին Խրուաթիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի, Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 13-րդ խմբակի զտումի մրցաշարքը:
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իտալիան, Անտորրան եւ հիւրընկալ խումբը` Խրուաթիան:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Բարսեղեան:
Այսօր` հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, հայրենի կազմը կը մեկնի Խրուաթիա, ուր յաջորդաբար պիտի մրցի Խրուաթիոյ (27 հոկտեմբեր), Իտալիոյ (30 հոկտեմբեր) եւ Անտորրայի (2 նոյեմբեր) դէմ:



