Այսօր` Աթլաս-Պէյրութ
Շաբաթ, 20 հոկտեմբերին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես-Հուփս բացման մրցումը:

PROFOTO
Սաժես 101-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (23-15, 25-23, 26-24 եւ 27-23):
Սաժեսի մարզիկները յաջողեցան նշանակել 15 թրի փոյնթ (35 փորձերէ ետք):
Յաղթական կազմին ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Հաքիմ Ճոնսըն (23), մինչ Հուփսէն Մալեք Տիքսըն Տիքեմպէ նշանակեց 32 կէտ:
Իսկ երէկ Մութթահետ, որ հիւրընկալեց Շանվիլը, անկէ կրեց 68-55 արդիւնքով պարտութիւն մը: Շանվիլէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ֆետի Խաթիպ (12 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ այսօր` երկուշաբթի, ժամը 18:00-ին Աթլաս Քասսարայի մէջ կը հիւրընկալէ Պէյրութը:


