Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

October 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն եւ Հայկազեան համալսարան`  Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին դահլիճին եւ համալսարանին մէջ:

Զինք դիմաւորեցին հայ աւետարանական հովիւներ եւ կրթական ու հրատարակչական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանէն պատասխանատու անձեր` գլխաւորութեամբ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի, որ կը ներկայացնէր միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որոնք այս շաբաթ երկրէն դուրս կը գտնուին:

Վեր. Քիլաղպեան ողջունեց Փաշինեանը` շեշտելով Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 173 տարուան կրթական եւ հոգեւոր առաքելութիւնն ու վաստակը յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայկական գաղութներուն մէջ: Փաշինեան իր կարգին գնահատեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գործակցութեան ոգին` ի նպաստ հայ ժողովուրդին: Զրոյցը գլխաւորաբար կեդրոնացաւ կրթական եւ լիբանանահայ գաղութին ներկայ իրավիճակին շուրջ:

Ապա դոկտ. Արտա Էքմեքճի առաջնորդեց վարչապետի պաշտօնակատարը Հայկազեան համալսարանի մասնաշէնքերը տեսնելու եւ աւելի ճշգրիտ լսելու` համալսարանի պատմութեան ու ներկայ առաքելութեան մասին: Խումբ մը ուսանողներ նաեւ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին վարչապետ Փաշինեանը:

 

Նախորդը

Երեւանի 2800-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց Զմմառու Վանք

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.