Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացում

October 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սպանիոյ առաջին հիւպատոս Կապրիէլ Սիսթիակայի եւ արուեստասէր բազմութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ սպանացի գեղանկարիչ Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացումը:

Ցուցահանդէսին նիւթը բնութիւնն էր իր զանազան գոյներով եւ լոյսի խաղերով: Ներկայացուած էին իւղաներկ եւ խառն թեքնիքներու օգտագործումով պատրաստուած տարբեր չափի պաստառներ:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմին անունով անգլերէնով խօսք առաւ Անժելա Տաղլեան: Ան յայտնեց, որ արուեստագիտուհին ծնած է Պարսելոնա` արուեստագէտներու ընտանիքի մը մէջ, եւ մանուկ հասակէն հրապուրուած է գծագրութեամբ ու գեղանկարչութեամբ եւ մասնակցելով  բազմաթիւ մանկական մրցումներու արժանացած է համապատասխան մրցանակներու: Տաղլեան ըսաւ, թէ Վիրժինիա Կալ – Մաղաքեան 21 տարեկանէն սկսեալ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ աշխարհի տարածքին` աւելցնելով, որ արուեստագիտուհիին երկչոտ եւ զգայուն նկարագիրը կ՛արտացոլայ իր արուեստի գործերուն մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Ա. Տաղլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց արուեստագիտուհիին ամուսնոյն` Գրիգոր Մաղաքեանին, որ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է սոյն ցուցահանդէսի յաջողութեան մէջ:

Այնուհետեւ սպաներէնով ելոյթ ունեցաւ Վիրժինիա Կալ – Մաղաքեան: Գրիգոր Մաղաքեան թարգմանելով արուեստագիտուհիին խօսքերը ըսաւ, թէ Վիրժինիան շատ հպարտ կը զգայ, որ կրցաւ առիթը ունենալ ներկայացնել իր գործերը լիբանանահայ գաղութին` զանոնք ցուցադրելով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, աւելցնելով, որ ինք մօտէն առնչուած է հայերուն հետ եւ շատ մօտիկ կը զգայ հայ ազգին, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ արուեստագիտուհին սպանացի է, Սպանիոյ նկատմամբ յատուկ սէր ունի, եւ այս առիթը կապեց Սպանիան եւ հայ գաղութը միասին:

Մաղաքեան նկատել տուաւ, որ ցուցադրուած պաստառները երկու տարուան աշխատանք են, սակայն 6-7 ամիսէ ի վեր արուեստագիտուհին մեծ ուրախութեամբ կը պատրաստուի սոյն ցուցահանդէսին, որ կարելի եղաւ յաջողցնել Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի օժանդակութեամբ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իր երազին իրականացման առիթով բոլորին ներկայութեան համար:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցի կիթառի ուսանող Արի Տագէսեան:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 3 նոյեմբեր եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Ղուկասեան Արաբերէնով Կը Բեմադրէ Արա Արծրունիի «Մժեղը»

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.