Պարսելոնա խզեց իր համագործակցութիւնը ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռոնալտինիոյի հետ: Ան քաթալոնական ակումբին դեսպաններէն մէկն էր:
Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը չ՛ընդունիր այն հանգամանքը, որ Ռոնալտինիոն հրապարակաւ կ՛աջակցի Պրազիլի նախագահի թեկնածու Ժաիր Փոլսոնարուին, որ ցեղապաշտ եւ կնատեաց է:
Ռոնալտինիօ ակումբի դեսպանի կարգավիճակով Պարսելոնան կը ներկայացնէր հովանաւորողներուն մօտ եւ ակումբին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումներուն հանդէս կու գար, կը մասնակցէր վեթերաններու բաժակի տարբեր մրցաշարքերուն:



