Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՐԿԻՐՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ԱՐՏԱՑՈԼԱՑՈՒՄ` ԿԻՊՐՈՍԻ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

December 2, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Մաւրոմատիս կ՛ուղղէ իր խօսքը

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երկիրն ու ժողովուրդը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի եւ Հայաստանի դեսպաններ Հոմեր Մաւրոմատիս եւ Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ քաղաքապետութեան անդամները, Կիպրոսի դեսպանատան առեւտրական կցորդ Կարօ Ճիկերճեան եւ հրաւիրեալներ:

Լուսանկարներուն ընդմէջէն կ՛արտացոլար Կիպրոսը` իր մշակոյթով, ժողովուրդով, տեսարժան վայրերով, բնութեամբ, աւանդութիւններով, տարազներով, կրթական ու մշակութային կեանքով:

Ճորճ Գրիգորեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Կիպրոսի, նաեւ զոյգ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ հասարակաց գիծերուն ու նմանութիւններուն: Անոր համաձայն, թէեւ երկու երկիրներն ալ փոքր են իրենց տարածութեամբ, սակայն մարդկային մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումը բաւական մեծ ու ազդեցիկ է: Ճ. Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Կիպրոս եւ Լիբանան կը բաժնեկցին Միջերկրականը, նաեւ պատմական էջեր, ինչպէս` Օսմանեան բռնագրաւման պատճառած ցաւերն ու տառապանքները, ներխուժումներ եւ գաղթականութիւն, բայց եւ այնպէս երկու ժողովուրդներն ալ շարունակեցին գոյատեւել:

Իր խօսքը աւարտելով` փոխքաղաքապետը նշեց, որ այս ցուցահանդէսով ձեւով մը հիւրընկալած կ՛ըլլան Կիպրոսը, որ տարբեր առիթներով իր սիրտը լայնօրէն բացած է լիբանանցիներուն դիմաց:

Ապա խօսք առաւ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմատիս, որ խորին ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ցուցահանդէսին առիթով` նշելով, որ լիբանանեան երկու այլ քաղաքներու մէջ արդէն ներկայացուած են լուսանկարները: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի յարաբերութիւնները լաւ ու աշխուժ եղած են:  Ան անդրադարձաւ 20 լուսանկարներուն մէջ թաքնուած իմաստին ու իւրայատկութիւններուն` իւրաքանչիւրին մասին ամփոփ ծանօթացում մը տալով:

Ապա դեսպան  Հոմեր Մաւրոմատիս յատուկ կերպով անդրադարձաւ կիպրահայութեան, որուն ներկայութիւնն ու ներդրումը նկատեց բաւական հարստացնող Կիպրոսի համար, նաեւ լուսարձակի տակ առնելով այն հանգամանքը, որ կիպրահայերը Կիպրոսի մէջ համակեցութեան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ ուրբաթ, 2 եւ շաբաթ, 3 դեկտեմբերին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00:

 

Նախորդը

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ` ԿԱՌՉԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։