Պէյրութ պասքեթպոլի ակումբի նախագահ Նետիմ Քըրքաուի, յատուկ այցելութիւն մը տալով Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուի, անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Լիբանանին վստահուեցաւ հիւրընկալութիւնը նախորդ շաբաթ աւարտած, Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Քըրքաուի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հաքիմին` այս այցելութեան համար, միեւնոյն ժամանակ ալ շնորհաւորելով Պէյրութ ակումբը, որ կրցաւ բացառիկ ձեւով հիւրընկալել Արաբական այս կարեւոր մրցաշարքը:
Քըրքաուի շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ի մասնաւորի անոր նախագահին Աքրամ Հալապիին, որ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ այս մրցաշարքին յաջողութեան համար:



