Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, «ԿԱՊԶ» ընկերութիւնը նշեց «Սուզուքի»-ի հետ իր գործակցութեան 50-րդ տարեդարձը` ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու:
Տորայի շրջանին մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն` Նեպիլ Պազըրժի յայտնեց, որ ճափոնական այս ընկերութեան հետ գործակցութիւնը կ՛ընթանայ շատ սերտ մթնոլորտի մէջ, եւ յոյս կայ, որ մօտիկ ապագային «Սուպարու» մուտք գործէ Լիբանանի մէջ մարզական ինքնաշարժներու աշխարհ` ըլլալով որոշ մրցաշարքերու գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւններէն մէկը:
Ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ընկերութեան ծրագիրները` յայտնելով, որ 2019-ին սկիզբը տեղի պիտի ունենայ այլ կարեւոր հանդիպում-հաւաք մը` ճշդելու եւ յստակացնելու համար ընկերութեան ծրագիրներն ու կատարելիք իրագործումները:
1968-ին առաջին անգամ «Սուզուքի»-ի հետ գործակցիլ սկսած «Պազըրժի» ընկերութիւնը յայտնեց, որ այս առիթով, կու գայ յատուկ յուշանուէրով մը պատուելու Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանը` Մաթահիրու Եամակուչին:



