Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մշակութային Ժառանգութիւնը Ազդու Զէնքի Վերածել (Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ)

October 15, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբերի այս օրերուն կ՛ոգեկոչենք անմեռ յիշատակը նուիրեալ այն վարդապետներուն, որոնք հայոց տառերը ստեղծեցին, Աստուածաշունչը թարգմանեցին եւ հայ դպրութեան հիմքը ամրապնդելով` ոսկեդարը կերտեցին:

301-ին հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընդունեց, սակայն Հայաստանեայց եկեղեցին հայացաւ եւ ազգային նկարագիրով օժտուեցաւ հայ գիրերու գիւտէն ու Աստուածաշունչի եւ հայ հոգեւոր  գրականութեան թարգմանութենէն ետք: Այդ օրերուն կառուցուեցան դպրոցներ, կրթութեան օճախներ, ու հայ մանուկը սկսաւ սորվիլ մեսրոպեան քաղցրահնչիւն լեզուն ու մայրենի լեզուով աղօթել, կարդալ ու գրել:

Թարգմանիչ վարդապետներուն գրական ու մշակութային այս աննախընթաց շարժումը ունէր նաեւ քաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ կոչուած էր հսկաներու ճակատումներուն մէջ պահպանելու հայ ազգին իւրայատուկ դիմագիծը, մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:

Մշակութային այդ հսկայ ժառանգութիւնը պահպանուեցաւ ու զարգացաւ դարէ դար` հակառակ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն: Կորսնցուցինք նիւթեղէն մեր հարստութեան նկատառելի մէկ համեմատութիւնը, գրաւուեցան մեր հողերը, ոչնչացան մեր նիւթեղէն ամրոցները, սակայն հայ գիրով ու մշակոյթով, պատմութեամբ  ու գրականութեամբ բարձրացած ոգեղէն ամրոցները կայուն մնացին: Հոգեւոր այդ արժէքները հայ պահեցին նոյնիսկ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ բեկորները, որովհետեւ անոնք աւելի հատու էին, քան` թշնամի ցեղերուն զէնքերն ու բռնի թրքացման միջոցները:

Այս ճշմարտութիւնն է ահա՛, որ վեր պէտք է առնել Թարգմանչաց տօնին առիթով ու գիտակցիլ վերջապէս, որ թարգմանիչ հայրերուն մեզի կտակած աւանդը, լեզուն ու գրականութիւնն ալ որպէս զէնք կարելի է օգտագործել ոչ միայն պաշտպանուելու, այլ սէրն ու համերաշխութիւնը տարածելու ողջ աշխարհին մէջ:

Մի՞թէ թարգմանական գրականութիւնն ու արուեստն ալ քարոզչական միջոցներ չեն կրնար ըլլալ` անտեղեակ հաւաքականութիւններու մտքին մէջ թափանցելու, անոնց մեր Դատին ու հարուստ աւանդին գրականութեամբ, մշակոյթով իրազեկ դարձնելու համար, ատելութեան, տգիտութեան ու ոխին վերջ տալու համար:

Եթէ հինգերորդ դարուն Սահակ հայրապետը, Վռամշապուհ արքան, Մեսրոպ վարդապետն ու թարգմանչաց հոյլը հայ դպրութեան, ազգային գաղափարախօսութեան ապաւինելով` կորուստէ փրկեցին մեր ժողովուրդը, այսօր, աւելի քան երբեք, մեր անխորտակելի ամրոցներու պահպանումով ու տարածումով եւս կրնանք սատարել յատկապէս մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանումին: Կրնանք սատարել նաեւ մեր հայրենիքի ճանաչողական որակի բարձրացումին, երբ ամբողջ աշխարհին մենք զմեզ ճանաչելի կը դարձնենք մեր ոգեղէն արժէքներով ու հարստութեամբ եւս: Ոգեղէն մեր ներուժով ուրեմն կարելի է պահպանել մեր ժառանգութիւնն ու անով իսկ պաշտպանուիլ` աշխարհի որ ծայրամասին մէջ ալ գտնուինք:

Այսօր, սակայն, նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ ոմանք կորսնցուցած կը թուին ըլլալ իրենց հաւատքը ոգեղէն մեր ուժին` հայ գրականութեան ու մշակոյթին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դերակատարութեան հանդէպ:

Այլապէս ինչո՞ւ աղանդաւորական շարժումներ պիտի թափանցէին մեր երկրին ու աշխարհատարած ժողովուրդին մէջ, ինչո՞ւ մեր գրականութիւնն ու լեզուն նահանջ պիտի ապրէին, ինչո՞ւ նոր ստեղծագործութիւններով, թարգմանական գրականութեամբ պիտի չյորդէին մեր դպրութեան կեդրոնները, ինչո՞ւ գրողներ անտէր, անտիրական պիտի մնային:

Միթէ՞ մեր թարգմանիչ հայրերուն  մեզի կտակած հոգեկան ու մշակութային ժառանգութիւնը հարստացնելու կարողութիւն չունինք գերարդիացած այս աշխարհին մէջ, երբ չկան հինգերորդ դարու դժուարութիւններն ու քաղաքական ճնշումները, երբ ունինք ազատ հայրենիք եւ տարողունակ զարգացումներու դիմաց բաց ժողովուրդ:

Հաւատքն է, որ կը պակսի պարզապէս…Հաւատք` մեր մշակութային ժառանգութիւնը ազդու  զէնքի վերածելու էական գործին նկատմամբ, ներգործելու` մատաղ մտքերու ամբողջ սերունդի մը վրայ: Եթէ ամրանայ այդ հաւատքը, ո՛չ կամքն է, որ կը պակսի, ո՛չ ալ` նիւթական կարելիութիւնը: Եթէ ամրանայ այդ հաւատքը, նահանջի երգերը աստիճանաբար տեղի կու տան:

Թարցմանչաց տօնին առիթով, ուրեմն, մատղաշ մեր սերունդներուն ուսուցանենք սիրել մայրենի լեզուն, դեգերիլ անոր հարստութեան մէջ, գեղեցիկն ու լաւը արտադրելու յանդգնութիւն ու կամք ունենալ` ազդու զէնքի վերածելով թարգմանիչ վարդապետներուն ժառանգութիւնը:

«Գ.»

Նախորդը

Հին Բարեկամներէս` Պարոն Պաղտասարը

Յաջորդը

Այլազան Լուրեր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.