Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակի Կռիւը

October 13, 2018
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Պարզ է, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով չի մտածեր, ո՛չ ալ նոյն ձեւով կը գործէ. նկարագիրները կը տարբերին, նաեւ` մտածելակերպերը, տրամադրութիւնը, ճիշդի ու սխալի ըմբռնումը, ընդունելիի եւ անընդունելիի տարբերութիւնը, սկզբունքը, անկեղծութիւնն ու անոր պակասը, եւ նոյնիսկ` ԵՍ-ի գործօնը: Հետեւաբար, որոշ զննումներէ ետք, կարելի է ընկերութեան մը մէջ եղող, ապրող ու գործողները դասակարգել տարբեր ենթաբաժանումներով: Առաջինը անոնք են, որոնք հաւաքականութիւնը կը գերադասեն ամէն բանէ վեր, յատկապէս` իրենց անձէն վեր: Անոնք անձնական օրակարգեր չունին. անոնց հիմնական շարժիչ ուժն է սկզբունքը, ճշմարտութիւնը եւ հաւաքականութեան բարօրութիւնը: Փտածութեան, անարդարութեան, անիրաւութեան եւ ԵՍ-ի շահերու դէմ պայքարողը հոս կը գտնուի: Հոս ԵՍ-ը անշահախնդիր է, հաւաքական «մենքն» է, որ կը գերադասէ: Անոր համար կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է ղեկավարողը, այնքան ատեն որ փտածութենէ, լճացումէ եւ կաշկանդողականութենէ զուրկ կը ղեկավարուի կամ կը գործէ ընկերութեան մէջ: Առ այդ, այդ պարագային ան կը նետուի նախաձեռնելու կամ օժանդակելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու` ըստ կարիքի, եւ երբ հարկ ըլլայ: Երկրորդ տեսակը անոնք են, որոնք գիտեն կամ կրնան գիտակցիլ ճիշդի ու ճշմարտութեան գաղափարներուն, սակայն անոնք բաւական շատ «փափկանկատ» են, հետեւաբար չեն սիրեր ոեւէ մէկը նեղացնել: Կը նախընտրեն բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, բոլորին համար «համակրելի» դէմք ըլլալ: Իրենց անձնական եւ անկեղծ կարծիքներն ու տեսակէտները առաւելագոյնը կ՛արտայայտեն հայելիի մը դիմաց: Եւ այսպիսով, կը կորսնցնեն իրենց առանձնայատկութիւնը, անձն ու սեփական նկարագիրը: Անոնք կը դառնան օրուան ստրուկները. աւելի անկեղծ, սակայն աւելի ծանր կոչումով` օրուան պաշտօնեաները: Արդ, այդ կուրացնող հոգեբանութիւնը կը սկսի տիրապետել ու գերակշռել անոնց վաղուց կորսնցուցած արդարադատութեան ու անկեղծութեան ըմբռնումները: Անոնք կ՛ապրին խաբկանքի մէջ ու կը դիտեն իւրաքանչիւր նիւթ` պղծուած ակնոցներով, որոնք իրենց ցոյց կու տան միայն այն, ինչ որ պէտք է տեսնեն, եւ այն, ինչ որ անոնք պէտք է կանխամտադրութեամբ տեսնեն: Իսկ երրորդ տեսակը անոնք են, որոնք կը լողան ճահիճներու մէջ: Հոս ԵՍ-ն է, որ կը գերիշխէ: Անձնական հաշիւներն ու ձգտումները կը գերազանցեն բոլոր զգացումներն ու գաղափարները: Հոս նաեւ կայ եսասիրութեան եւ անձով զմայլելու մեծ տրամադրութիւն: Տրամաբանութիւնը կը դառնայ յարաբերական եւ ենթակայական, էապէս ԵՍ-ի ըմբռնումով: Հոս` կեղծիքները բռնութեամբ կը դառնան փաստարկներ, եւ իրականութիւնը կ՛այլակերպուի յարմարելու համար անձի ու անձնական շահի սկզբունքներուն: Հոս անսխալականութեան մոլորակն է. ոչ ոք կը սխալի… աւելի ճիշդը` ոչ ոք իր սխալը կ՛ընդունի: Հոս յոխորտանքի մնայուն մթնոլորտ կը տիրէ: Սակայն միշտ սխալ են ու կը սխալին ուրիշներ եւ վարկաբեկումի արժանի կը դառնան անոնք, կը նուաստացուին ու կը պիտակաւորուին` իբրեւ ժողովուրդի, հաւաքականութեան եւ բարձրագոյն շահերի թշնամիներ:

Ի դէպ, այս ենթաբաժանումներով կարելի է ամփոփ կերպով նկարագրել ընկերութեան մը մէջ գտնուող ու գործող հատուածները: Այսուամենայնիւ, վերոնշեալ պատկերի հիման վրայ պարզ է հաստատել, թէ որո՛նք են «սեւերը»,  եւ որո՛նք` «սպիտակները»: Սակայն, առաջին եւ մասամբ նորին երրորդ տեսակները չեն ընկերութեան պատուհասները: Ընկերութեան պատուհասները անոնք են, որոնք կը գտնուին ԵՐԿՐՈՐԴ ենթաբաժանումին մէջ: Անոնք անողնայար եւ անսկզբունք արարածներն են, իսկական քաղցքեղներն են հանրութեան մարմնին, քծնող ու սողուններու նման շրջագայող տզրուկներ: Առ այդ, առողջ ընկերութեան մը նախապայմանը արդարութիւնն ու արդարադատութիւնն է. իսկ այն ընկերութիւնը, որ իր առանձնայատկութիւնը կը գերադասէ իր սկզբունքին, կը կորսնցնէ երկուքը:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Շարժապատկերի Ժառանգը Եւ Ժառանգորդները

Յաջորդը

Դիմադրականութեան Ուժը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.