Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

December 1, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համաժողովէն պահ մը

Կիպրոսի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին համաժողովին առաջին օրը Արամ Ա. կաթողիկոս երկրորդ շրջանի մը համար վերընտրուեցաւ նոյն խորհուրդի նախագահ` Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը ներկայացնող:

Չորս տարին անգամ մը գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմեն Կիպրոսի կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:

Համաժողովին բացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի առաւօտ, յոյն եկեղեցիներու կողմէ կատարուած պատարագով: Ապա, համաժողովի առաջին նիստին, վեհափառը խօսք առնելով ներկայացուց անցնող չորս տարիներուն խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս ծանրանալով տնտեսական եւ վարչակազմակերպչական մարզերուն վրայ: Վեհափառը  լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ անոնց ժխտական անդրադարձներուն` խորհուրդի կեանքին ու առաքելութեան վրայ: Վեհափառը շեշտեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խորհուրդը շարունակեց իր առաքելութիւնը, եւ առաւել կենսունակութեամբ ան կոչուած է դառնալու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ձայնն ու միակամ կեցուածքը:

Ապա, խօսք առին արեւելեան ուղղափառ, կաթողիկէ ու բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ ընդգծեցին խորհուրդի կարեւորութիւնը` իբրեւ շրջանի եկեղեցիները համախմբող կառոյց: Նոյն օրը համաժողովին իր զեկուցումը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար  դոկտ. Կրկես Սալեհ: Լայնօրէն ներկայացուեցաւ նաեւ խորհուրդի տնտեսական կացութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր Գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ ընտրուեցաւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամ  եւ դպրեվանքին մէջ արաբերէն լեզուի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան: Յայտնենք, որ համաժողովի ընտրական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ստուգիչ մարմնի անդամ` Վարդան Թաշճեան: Համաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները:

 

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` 82,500 ԱՄ. ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.