Լիբանանի ներկայացուցիչ Ռիատի Պէյրութ աւարտեց իր ելոյթները Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երբ 5-8-րդ դիրքերուն համար կատարեց իր վերջին մրցումը:
Անցեալ տարուան Ասիոյ տիտղոսակիրը կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` Չինաստանի ներկայացուցիչ Լիաուինկէն` 102-75 արդիւնքով:
Այսպիսով, լիբանանեան կազմը, որ նախորդ տարի հանդիսացած էր Ասիոյ ախոյեան եւ Լիբանանի փոխախոյեան (ՀՄԸՄ-ի ետին), գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Պէտք է ըսել, թէ Ասիոյ մէջ Ռիատիի արձանագրած արդիւնքները եղան միջակէն վար:



