– Հայաստանի Տղոց Կազմը Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց
– Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Առաջին Պարտութիւնը
Պաթումի մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի 8-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեհաստանի հետ:
Բոլոր մրցումներն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Հայրենի կազմը այժմ 13 կէտով կը բաժնէ 3-9-րդ դիրքերը:
Պարագլուխի դիրքը գրաւեցին Միացեալ Նահանգներ, որոնք 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Ազրպէյճանին եւ ապահովեցին իրենց 15-րդ կէտը: Լեհաստան 14 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Նախորդ 7 հանգրուաններուն Հայաստան արձանագրած էր 6 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
9-րդ հանգրուանին հայրենի տղոց կազմը կը մրցի Հնդկաստանի դէմ (սեւ քարերով):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, հայրենի կազմը Ուքրանիայէն կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը (3-1) եւ կորսնցուց պարագլուխի դիրքը: Նախորդ 7 հանգրուաններուն խումբը արձանագրած էր 6 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը:
9-րդ հանգրուանին խումբին մրցակիցը պիտի ըլլայ Իրանը:



