Շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի լրագրողներու միութեան 5-րդ համագումարը:
«Արցախփրես» կը հաղորդէ, որ համագումարին օրակարգային հարցերը կը վերաբերէին Արցախի լրագրողներու միութեան կանոնադրութեան մէջ լրացումներ կատարելուն, վարչութեան կատարած աշխատանքին եւ վերստուգիչ յանձնախումբի նախագահի հաշուետուութիւններուն, վարչութեան նախագահի, անդամներուն եւ վերստուգիչ յանձնախումբի ընտրութիւններուն:
Բացման խօսքով անցած 5 տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:
Համագումարի ընթացքին զեկուցողները բաւարար գնահատած են վարչութեան կատարած աշխատանքը:
Նիստին քննարկուած են նաեւ լրագրական դաշտին մէջ առկայ խնդիրները:
Իսկ Արցախի գրողներու միութեան նախագահ, Արցախի լրագրողներու միութեան անդամ Վարդան Յակոբեան նշած է, որ Արցախի տեղեկատուական դաշտը կատարելագործելու համար կը պահանջուին մեծ ջանքեր:
Անոր համաձայն, միութիւնը այս ծիրին մէջ կը ծաւալէ զգալի աշխատանքներ:
Համագումարին «Անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան» նախագահ, Արցախի լրագրողներու միութեան անդամ Վերա Գրիգորեան ողջունած եւ շնորհաւորած է միութեան անդամներու աշխուժ համագործակցութիւնը, իսկ միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեանը պարգեւատրած «Հայրենիք եւ հաւատ» յուշամետալով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է միութեան նոր նախագահի եւ վարչութեան անդամներու ընտրութիւն: Միաձայնութեամբ Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ վերընտրուած է Կիմ Գաբրիէլեան:
Համագումարին քննարկուած են ոլորտին առնչուող շարք մը այլ հարցեր:
«Ազդակ» կը շնորհաւորէ Կիմ Գաբրիէլեանը` Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ վերընտրուելու առիթով եւ միութեան կը մաղթէ արդիւնաւէտ աշխատանք:



