Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգ Հաճեանի Համերգները Արցախի Մէջ

October 1, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեան Արցախ կը գտնուէր` համերգային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:

28 սեպտեմբերին Արցախի սահմանամերձ Նորշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի առաջին համերգը` Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր շէնի «Մոնթէ» համոյթներուն մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանի խօսքով: Վերջինս նշեց, որ համերգը նուիրուած է Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ արցախեան շարժման 30- ամեակին:

Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին երգիչը` համերգի ամբողջ ընթացքին մասնակից ըլլալով երգերով ու պարերով:

Ինչպէս իր խօսքին մէջ նշեց երգիչը, երբ արցախեան հողին վրայ կ՛երգէ, կը զգայ իր երգած երգերուն ամէն մէկ բառին ամբողջ զօրութիւնը եւ անգամ մը եւս կը հասկնայ այն ճշմարտութիւնը, որ հայրենիքի ապագան պէտք է սկսի զարգացած գիւղեր ունենալով: Գիւղացին պէտք է սերտօրէն կապուած ըլլայ հայ մշակոյթին եւ կարելիութիւնը ունենայ առնչուելու անոր հետ:

Գ. Հաճեանի երգերուն հետ իրենց հայաշունչ պարերով հանդէս եկան Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր շէնի «Մոնթէ» համոյթները:

Բուռն ծափերով մարդիկ նշեցին, որ գիւղը կը սպասէր նման ձեռնարկի մը, որ նաեւ հայրենասիրական իւրայատուկ դաս էր:

Մօտակայ գիւղերէն` Աշանէն ու Հացիէն մարդիկ եկած էին գեղեցիկ արուեստի կարօտով` հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն:

Ներկաները նուէր ստացան նաեւ երգիչի ձայնասկաւառակներէն, կարելիութիւն ունեցան անմիջական զրոյց ունենալու անոր հետ:

Համերգի աւարտին երգիչը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն, ՀՅԴ Արցախի կառոյցին, յանձինս` Դաւիթ Իշխանեանին` համերգի կազմակերպման աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ իր ընկերոջ` Ալեքս Պաղտասարեանին:

Երգիչի տարազը ապահոված էր Երեւանի «Տէրեան» արուեստի կեդրոնը:

Երգիչն ու իր ընկերները նաեւ գիւղի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բերած էին համեստ նուիրատուութիւն մը, որ յանձնուեցաւ գիւղի ղեկավարութեան:

29 սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեան համերգային ծրագիրներով այցելեց Արցախի երկու N զօրամասեր,  ուր իր խրոխտ երգերով ոգեւորեց հայ զինուորները: Զինուորներուն կողքին երգը աւելի իրական կը հնչէր, որովհետեւ իրենց ձօնուած էր:

Երգիչը հրամանատարութեան կողմէ արժանացաւ յատուկ շնորհակալագիրի` պաշտպանութեան բանակին հետ սերտ համագործակցութեան համար:

30 սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեան համերգով հանդէս եկաւ  Քարվաճառի մէջ, ու եզրափակուեցաւ անոր արցախեան այցելութիւնը: Սակայն, ինչպէս երգիչը նշած է, համերգները Արցախի մէջ այսուհետեւ  շարունակական պիտի ըլլան:

 

 

Նախորդը

Կիմ Գաբրիէլեանը Վերընտրուեցաւ Արցախի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ

Յաջորդը

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.