Երէկ` հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին որոշուեցաւ, թէ ո՛ր երկիրը իրաւունք պիտի ունենայ հիւրընկալելու «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրօ-2024-ի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Թեկնածու ներկայացած էին երկու երկիրներ` Գերմանիա եւ Թուրքիա:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ այդ իրաւունքը տրուեցաւ Գերմանիոյ, որ այսպիսով յաղթեց Թուրքիոյ` այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու առումով:



