Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութեան, Լիբանանի ներկայացուցիչ «Այ. Էս. Քէյ. Էֆ.» միութեան մարզիկները, իրենց տպաւորիչ եւ բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ տիրացան 38 ոսկի, 34 արծաթ եւ 26 պրոնզ մետալներու:
Այդ մետալներուն շնորհիւ, վերոնշեալ միութիւնը խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ 12 մասնակցող միութիւններուն եւ խումբերուն մէջ գրաւեց առաջին դիրքը:
Տեղի ունեցան 12-էն 60 տարեկան դասակարգերու մրցումներ:
Լիբանանէն մասնակցեցան 31 երկսեռ մարզիկներ: Անոնց ընկերակցեցան շարք մը պատասխանատուներ, 4 իրաւարարներ եւ 3 մարզիչներ:
Լիբանանի քարաթէի ֆետերասիոնը բոլոր լիբանանցիները շնորհաւորեց այս կարեւոր նուաճումին առիթով` անոնց մաղթելով մշտական վերելք:



